Քասլիքի Ս. Հոգի համալսարանին երեք ամիս տեւած դպրոցական երկրորդ խաղերը, որոնք տեղի ունեցան համալսարանի դաշտերուն վրայ, հասան իրենց աւարտին, երբ տեղի ունեցան ֆութսալի եւ պասքեթպոլի մրցումներուն աւարտականները` կազմակերպութեամբ «Սփորթց Մանիա» ընկերութեան:
Մրցումներէն ոմանք տեղի ունեցան նաեւ Լուէյզի Զուք Մոսպեհի վարժարանին մէջ:
Աղջկանց ֆութսալի տիտղոսակիր հանդիսացաւ Սապիս Ատմա, որ փենալթիներով (3-1) յաղթեց Ռապիէի աւետարանական վարժարանին (մրցումը աւարտեցաւ 1-1 արդիւնքով):
Սապիս Ատմայի տղաքը եւս տիրացան ֆութսալի մրցաշարքի տիտղոսին` փենալթիներով (3-1) յաղթելէ ետք Շանվիլ – Ժիպէյլի (մրցումը աւարտեցաւ 0-0 արդիւնքով):
Տղոց պասքեթպոլի մրցաշարքի աւարտականին, Սաժես Հայ Սքուլ 63-34 արդիւնքով յաղթեց Շանվիլին:
Մրցումներուն աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը` կազմակերպիչներուն կողմէ:



