Հայուն Հոգեկան
Անկախութիւնը
Երբ Հայաստան Ե. դարու սկիզբը կորսնցուց իր քաղաքական անկախութիւնը, հայը հնարեց իր գիրն ու գրականութիւնը, որով անոր հոգեկան անկախութիւնը դարձաւ միանգամայն անխոցելի ու անպարտելի:
Այնքան զօրաւոր էր այդ ոգին հայուն մէջ, որ ան նոյնիսկ Աւարայրի պարտութիւնը վերածեց յաղթանակի` աւելի հաստատուն հիմերու վրայ խարսխելով իր հոգեկան անկախութիւնը:
Հայուն այդ միեւնոյն հոգեկան անկախութիւնն էր, որ հրաշակերտեց իր հոյակապ մշակոյթը, ծնունդ տուաւ Բագրատունեաց թագաւորութեանց եւ Կիլիկիոյ լեռնաշխարհին մէջ կանգնեց հայկական նոր պետութիւն մը:
Ապա դարերու մշուշը պատեց Հայաստանը, եւ հայոց երկնակամարին վրայ կուտակուեցան մուգ ամպեր: Թուրանական վայրագ ցեղերը ոտնակոխ ըրին մեր հայրենիքը` հուրի եւ սուրի մատնելով ամէն ինչ:
Սակայն շնորհիւ իր հոգեկան անկախութեան եւ ոգեկան ուժին, մոխիրներու տակէն վերակենդանացաւ հայը եւ վերաշինեց իր աւերակ դարձած երկիրը:
Վերածնուեցաւ նաեւ ոգեպէս` պարզելով ազատագրական պայքարի դրօշ:
Ինչպէս որ տասնհինգ դար առաջ փարեցաւ քրիստոնէական դաւանանքին, միեւնոյն մոլութեամբ եւ աներեր հաւատքով գրկեց ազատութեան գաղափարը եւ ոգեկան արժէքներով ալ աւելի զօրացուց իր հոգեկան անկախութիւնը:
Անգամ 1915-ի աներեւակայելի Եղեռնը ի զօրու չեղաւ խորտակելու հայուն հոգեկան անկախութիւնը, եւ երեք տարի ետք գերմարդկային ճիգերով ան կերտեց իր հայրենիքին քաղաքական անկախութիւնը: Մայիս 28-ը մարմնացումն էր իր հոգեկան անկախութեան: Հայուն այդ գաղափարն էր, որ դարեր շարունակ կանգուն պահեց Հայկազեան ազգը եւ անխոցելի դարձուց անոր ոգեկան ու բարոյական ուժը:
«ԱՐՄԵՆԻԱ»
Եկեղեցիէն Առաջ`
Դպրոց
Անուրանալի ճշմարտութիւն է, որ եկեղեցին կարեւոր ազդակ մըն է օտար երկիրներու մէջ ապրող տարագիր հայերու ազգապահպանման համար:
Գաղթականութեան առաջին սերունդը, առաջնորդուած անցեալի փորձերէն, օգտակար ու գնահատելի աշխատանք մը տարաւ ազգապահպանման մարզին մէջ` շէն ու պայծառ պահելով Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցին:
Սակայն միակողմանի էր ու թերի` ինչ որ կատարուեցաւ:
Կը կարծէինք, թէ գաղթականութիւնը ժամանակաւոր գոյավիճակ է: Թէ մեզ հիւրընկալող երկիրները պարզապէս հանգրուաններ են դէպի հայրենիք տանող ճամբուն վրայ: Այս պատճառով ալ հեռուն չկրցանք տեսնել: Չկրցանք գուշակել, որ ժամանակաւորը տեւական ու մնայուն պիտի ըլլար: Լուրջ կարեւորութիւն չտուինք դպրոցին: Միջոցներ ալ չունէինք` մանկապարտէզէն սկսեալ զուտ հայկական վարժարաններ բանալու, ինչպէս` երկրին մէջ: Լաւագոյն պարագային հայերէնի շաբաթական դասընթացքներ կազմակերպեցինք հո՛ն, ուր կարելիութիւններ գտանք:
Հետեւանքն այն եղաւ, որ մեր նոր սերունդը հայերէն սորվելու հնարաւորութիւն չունեցաւ: Շաբաթական քանի մը ժամը կիսամիջոց մըն էր, բայց ոչ դարման` մեզ տանջող ցաւին:
Եկեղեցիէն առաջ դպրոցն է գլխաւոր ազդակը հայապահպանման` օտար, հիւրընկալ երկիրներու մէջ:
Ո՛ւժ տանք դպրոցաշինութեան:
«ՅԱՌԱՋ»
Նոր Ջուղայի Թանգարանի
1967-1968 Թուերի Այցելուները
Վերջին տարիներում թանգարան այցելեցին նաեւ օտար երկրների մի քանի թագաւորներ ու թագուհիներ, որոնցից մի երկուսին ընկերակցում էին Ն. Կ. Մ. Արիամեհր Արքայից Արքան եւ Ֆարահ Շահբանուն:
Անցնող երկու տարուայ ընթացքում թանգարանն ունեցել է աւելի քան 100.000 այցելուներ, որոնց մէջ եղել են տեղացի ու արտասահմանեան մի շարք բարձրաստիճան դէմքեր եւ մեծ թուով տարբեր երկրների եւ զանազան ազգութեանց պատկանող զբօսաշրջիկներ:
Թանգարանի այս այցելուներից շուրջ 10.000 հոգին եղել են աշակերտներ, համալսարանի ուսանողներ, արաբական եւ եւրոպական երկրների ուսանողական խմբեր եւ այլ նման այցելուներ:
Այցելած անձերի մասին աւելի լայն տեղեկութիւն տալու համար ստորեւ բերում ենք բարձրաստիճան հիւր-այցելուների մի շարք անուններ:
– Թայլանտի արքայ Փինիփուր եւ թագուհի Սիրիքիթ:
– Եւրոպայի հասարակաց շուկայի վեց պետութեանց ներկայացուցիչները
– Սենթօ-ի` Անգլիայի, Ամերիկայի, Տաճկաստանի եւ Փաքիստանի ներկայացուցիչները
– Ֆրանսայի բանակի ընդհանուր հրամանատար զօր. Արլեն
– Ամերիկեան «Թայմզ» թերթի խմբագիրը
– Հայաստանի երկու նախարարներ, երկու բանաստեղծներ եւ մի քանի այլ արուեստագէտներ ու զբօսաշրջիկներ
– Խորհրդային Միութեան խորհրդարանի անդամներ, որոնց յետեւում եւս` երկու հայեր:
– Անգլիայի խորհրդարանի եւ Լորդերի պալատի անդամներ
– Վարշաւայի համալսարանի ընդհանուր տեսուչը
– Աթէնքի համալսարանի տեսուչ եւ հնութեանց կոթողների վերահսկիչ փրոֆ. Սփերիտիոս Մարիանոթոսը:
– Քենթըրպըրիի արքեպիսկոպոսը եւ կաթոլիկ բարձրաստիճան հոգեւորականներ
– Ֆրանսայի վարչապետ Ժորժ Փոմփիտուն
– Ամերիկայի ընդհանուր հրամանատարը
– ՄԱԿ-ի գաղթականութեան բաժնի նախագահ Աղախանը
– Եունեսքօ-ի ընդհանուր նախագահը
– Իրանի վարչապետի խորհրդական Ալի Մոհթամէտտին եւ վարչապետի կինը` Լէյլա Հովէյտան
– Իտալիայի օդային նախարարը
– Պուլկարիայի արտաքին գործոց նախարարը:
Սրանց թւում, այլ բազմաթիւ բարձրաստիճան այցելուներ ու պետական պաշտօնական հիւրեր, որոնց մեծ մասը ստորագրութիւնից բացի, արձանագրել են նաեւ գովասանական ու գնահատական տողեր, իսկ հայ այցելուները` նաեւ հպարտանքի արտայայտութիւններ:
Լ. Գ. ՄԻՆԱՍԵԱՆ