Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (9 Մարտ 1969)

March 9, 2019
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter
Օտարներու Կարծիքները`
Հայ Ժողովուրդի Եւ Հայ
Ճարտարապետութեան Մասին

Հայ երկիրը ծածկուած է նշանաւոր եկեղեցիներով եւ վանքերով, որոնց մեծ մասը այսօր աւերակ է: Այս ճարտարապետական յիշատակարանները շատ քիչ ծանօթ էին արեւմտեան բանասէրներուն:

Փրոֆ. Լ. Ռեպաթի

***

Հայաստան երկիր մըն է, որուն լեզուն անակնկալ գեղեցկութիւններով օժտուած է: Ճարտարապետական գանձերու իսկական շտեմարան է:

«Տհը Արշիթեքթ»
(Անգլիական թերթ)

***

Հռիփսիմէի վանքը ռոման կոչուած ճարտարապետական ոճին տիպարն է, շինուած` այնպիսի ատեն մը, երբ Եւրոպան կ՛անգիտանար այս ոճին գոյութիւնը: Իսկ Անիի մայր եկեղեցին նախատիպարն է գոթական ոճին. այս ոճին ալ Եւրոպան շատ ուշ ծանօթացաւ:

***

Գերմանիոյ Աախէն քաղաքի մայր եկեղեցին, Օրլէանի մօտ շինուած Ժերմինետէ Պրէի եկեղեցին, Միլանոյի Սան Սատերօ, Հռոմի Ս. Պետրոսի եկեղեցիները շինուած են ոչ թէ բիւզանդական-ռոմանական ոճով, այլ` հայկական ոճով: Հայ ոճին ազդեցութիւնը կը տեսնուի Կրետէի, Յունաստանի, Տալմացիոյ եւ Իտալիոյ ծովեզերքներու վրայ: Իտալիոյ ամէնէն փայլուն քաղաքներէն Ռաւենայի «Մեծն Թէոտորոսի գերեզման» անունով ծանօթ եկեղեցիին ճարտարապետը Դանիէլ անունով հայ մըն է:

Ստրչիկովսկի

***

Կարելի չէ ժխտել, որ բիւզանդական եկեղեցիներէն ոմանք կը ներկայացնեն այն տեսակ յատակագիծ մը, որ հայ շէնքերը կը յիշեցնէ:

Շարլ Տիլ

***

Հայկական ճարտարապետութիւնը Սեւ ծովէն անցնելով` տարածուած է Ռուսիոյ հարաւային կողմերն ու դանուբեան գաւառները: Պոկրովայի, Քիեւի, Վլատիմիրի ռուսական եկեղեցիներու ոճը, ինչպէս նաեւ ռոմանական եկեղեցիներու ոճը, մանաւանդ` Սերպիայինը, աւելի հայկական է, քան` բիւզանդական:

Ա. Շուազի

 

Աւանդաբար…

Սահմանադրական կարգեր որդեգրած ժողովուրդները քանի մը տարին անգամ մը իրենց ներկայացուցիչները կ՛ընտրեն, կը ղրկեն խորհրդարան եւ կը սպասեն, որ իրենց այսօրուան ու վաղուան մասին արդար ու արդիւնաւոր որոշումներ տրուին, կենսագործուի՛ն որոշումները:

Եւ որովհետեւ ժողովուրդին առօրեան, ապահովութիւնը եւ զարգացման հեռանկարները սերտ աղերս ունին իրենց ներկայացուցիչներուն գործունէութեան հետ, խորհրդարանական կեանքը կը ներկայացնէ մեծ հետաքրքրութիւն մը: Մարդիկ հեւ ի հեւ կը հետեւին ներկայացուած նիւթերուն, առաջադրութիւններուն, վիճաբանութիւններուն եւ լայն մեկնաբանութեան նիւթ կը դարձնեն մէն մի կարծիք:

Բացառելով ամբողջատիրական երկիրները` բոլոր հայրենիքներուն մէջ երկու հակամարտ ուղղութիւններով կը դրսեւորուին խորհրդարան մտնող մարդոց կարծիքները: Հինէն ի վեր աջեր կան ու` ձախեր, ծայրայեղականներ կան ու` պահպանողականներ, եւ այդ երկու հոսանքներուն բախումը անխուսափելի է: Երբեմն պաղ կ՛ըլլայ բախումը, երբեմն` տաք, բայց շատ չի պատահիր, որ գռեհիկ ըլլայ, մարդիկ ձգեն պայքարի առողջ զէնքերը եւ լրբութեամբ զինուած` սկսին գռեհիկ ոճով մը նախատել զիրար յատենի ժողովոյ:

Հանգամանքները մոռնալով` գռեհկութիւններ ցուցադրող ասպետները հոն են միշտ, Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ:

Ասկէ առաջ խօսք եղած է այդ մասին: Տարօրինակ չեն թուրքերը, պարզապէս այդպէս են, եւ իրենց ոճը հասարակաց է բոլորին` մեծին ու պզտիկին, զարգացածին թէ սալայատակներու վրայ օրն ի բուն իր լրբութիւնը մշակող ստահակին:

Ներկայացուցչական դէմքերու նկարագիրը բնութագրող թարմ օրինակ մը.

«Քէօքսալի ուղերձէն ետք, երբ Ազգ. միութեան խմբակի կարգ մը անդամները կ՛ելլէին ատալեթականներուն մերձակայ իրենց տեղերէն, ծերակուտական Մեճիտ Զետին «Էշշէօղլու էշշէքը դո՛ւն ես» աղաղակեց: Յայտնի եղաւ, որ Ազգ. միութեան խմբակի անդամներուն հայհոյութեանց պատասխանած է Զետին».

«Յայտնի եղաւ, էշշէօղլու էշշէքը դո՛ւն ես»:

Կը թուի, թէ բարձրագոյն վկայականները կամ աստիճանի բարձրացումը վճռական ազդակներ չեն մարդոց բնաւորութեան կազմութեան համար, եւ երկրի մը աւանդութիւնը աւանդաբար կը ստեղծէ իր տիպարը…

Պ. Ս.

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Ծամոնէ Արձաններ

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.