Երէկ` ուրբաթ, 8 մարտ 2019-ին վախճանեցաւ Պոլսոյ պատրիարքական աթոռի 84-րդ գահակալ Մեսրոպ Բ. պատրիարք հայրը:
Այս առիթով Պոլսոյ պատրիարքութեան հրապարակած յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ պատրիարք հայրը աւելի քան տասը տարի անգործութեան մատնուած էր անդարմանելի հիւանդութեան պատճառով եւ ութ տարի վայելած էր Ս. Փրկիչ ազգային հիւանդանոցի խնամքը:
Մեսրոպ պատրիարքը, որ ծնած է 16 յունիս 1956-ին, Պոլիս, ձեռնասունն էր երանաշնորհ Շնորհք պատրիարք հօր եւ կուսակրօն քահանայութեան օրերէն իր գործօն մասնակցութիւնը բերած էր պատրիարքական աթոռի վարչական կազմին մէջ:
14 հոկտեմբեր 1998-ին ընտրուած էր Պոլսոյ հայոց պատրիարք` յաջորդելով Գարեգին Բ. պատրիարքին, որուն անմիջական գործակիցը հանդիսացած էր: Նախքան պատրիարք ընտրուիլը, իր հոգեւոր ծառայութիւնը կեդրոնացուցած էր երեխաներու, երիտասարդներու եւ հոգեւորականներ պատրաստելու գործին վրայ, եւ այդ ծառայութեան գիծը շարունակուած էր նաեւ իր պատրիարքութեան շրջանին:
Ներհամայնքային գործունէութեան ծիրին մէջ, նաեւ ունեցած էր աշխուժ գործունէութիւն պատրիարքական աթոռը եւ համայնքը ծանօթացնելու օտար շրջանակներու:
«Ան եղաւ արի եւ քաջ հովուապետը, որ գիտցաւ տէր կանգնիլ համայնքի շահերուն: Հայ եկեղեցւոյ ծիրին մէջ պահած էր Պոլսոյ աթոռին դիրքը, նաեւ պահելով նուիրապետական աթոռներու հետ աւանդական կապը: Միջեկեղեցական եւ միջկրօնական շրջանակներ եւս այսօր կը սգան մեծանուն պատրիարքին մահը` միշտ յիշելով անոր աշխուժ գործունէութիւնը, զոր ունեցած էր զանազան առիթներով` գործակցելով իրենց հետ», նշուած է յայտարարութեան մէջ:



