Խմբագրական
Նոր Թափով Եւ Խիզախօրէն
Սփիւռքի մեր կեանքին մէջ միշտ յառաջապահ դիրքերու վրայ գտնուած է ու այսօր ալ կը գտնուի Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութիւնը, որ վերջերս տօնեց իր հիմնադրութեան յիսնամեակը` այդ տօնակատարութեան մէջ գտնելով իր ուխտը վերանորոգելու հանդիսաւոր առիթ մը:
Քանի մը օր առաջ տեղի ունեցաւ նոյն կազմակերպութեան 18-րդ Պատգամաւորական ժողովը, որ երկու տարին անգամ մը կը գումարուի` ՀՄԸՄ-ի բազմաճիւղ գործունէութեան բոլոր երեսները քննելու եւ միութեան վերելքին ու զարգացման նպաստող նոր որոշումներ տալու համար:
Երկօրեայ նիստերու ընթացքին, ջերմ եւ խանդավառ մթնոլորտի մէջ, ու նաեւ` գիտակից ոգիով եւ շինիչ մօտեցումով, պատգամաւորները սպառիչ կերպով լուծեցին բոլոր խնդիրները եւ անոնց գործադրութիւնը վստահեցան շրջանային նոր վարչութեան:
Իր յիսնամեակին առիթով, ինչպէս շեշտուեցաւ երկու ամիս առաջ, հրապարակային հանդիսութեան ընթացքին, ՀՄԸՄ կը գտնուի վճռական անկիւնադարձի մը առջեւ: Անխախտ մնալով իր հիմնական սկզբունքներուն վրայ, հաւատարիմ ըլլալով իր ազգային ու երիտասարդական առաջադրանքներուն, մարմնակրթական այս միութիւնը, որ հազարաւոր երիտասարդներ կը հաշուէ իր շարքերուն մէջ, վերանորոգութեան, կեանքի նոր պայմաններուն հետ հաշտ ըլլալու, ժամանակին հետ քալելու անհրաժեշտութեան առջեւ կը գտնուի:
Առանց անցեալէն կտրուելու, ընդհակառակն, օգտուելով այդ փառաւոր անցեալին փորձառութենէն, որ բարոյական անսպառ դրամագլուխ մըն է իրեն համար, ՀՄԸՄ վերանորոգ թափով պէտք է գործի լծուի, որովհետեւ, իր պարագային, երիտասարդական կազմակերպութեան մը համար տեղքայլ անպայմանօրէն կը նշանակէ նահանջ:
Երիտասարդութիւնը ամէն բանէ առաջ խիզախութիւն է: Երիտասարդական այս մեծ կազմակերպութիւնը, որ իր արմատները խոր նետած է մեր ժողովուրդին մէջ, պէտք է նոր ժամանակներէն առնէ այն, ինչ որ համապատասխան է իր նուիրական առաքելութեան. սփիւռքի տարածքին հայ երիտասարդը մարմնով առողջ, հոգիով հարուստ եւ մտքով պայծառ պահելու առաջադրանքին:
Գործելակերպի կարգ մը եղանակներ անցեալին կրնան արդիւնաւէտ եղած ըլլալ, բայց կեանքի նոր պայմանները նոր պահանջներով կը ներկայանան, յատկապէս ՀՄԸՄ-ին, որ մեր իրականութեան մէջ իր պարտականութիւնը առաւելագոյն չափով կատարելու համար պէտք չէ վարանի յանդուգն ծրագիրներու գործադրութեան առջեւ:
Ա՛յս կը սպասուի նորընտիր Շրջանային վարչութենէն: Ա՛յս` բոլոր մասնաճիւղերէն, Պէյրութ, Պուրճ Համուտ եւ այլուր, մինչեւ հեռաւոր Մոնրէալ, Լոս Անճելըս եւ Սիտնի, ուր ՀՄԸՄ-ի գաղափարներով սնած հայ տղաք, օտար երկինքներու տակ, իրենց համար բոլորովին անծանօթ պայմաններու մէջ, գնահատանքի արժանի աշխատանք կը տանին վառ պահելու համար այն, ինչ որ ստացած են իրենց սիրելի կազմակերպութենէն:
Ճիշդ է, որ մեր հնարաւորութիւնները սահմանափակ են, բայց ճիշդ է նաեւ, որ անսահման է հայութեան նուիրումի ոգին: Անոր կը պարտին, այդ ոգիին` մեր բոլոր միութիւններն ու հաստատութիւնները ե՛ւ իրենց վերելքը, ե՛ւ զարգացումը: Անգամ մը որ մեր ժողովուրդին մէջ արմատացած է կազմակերպութեան մը դերին կարեւորութիւնը, այդ դերին գիտակցութիւնը, որեւէ զոհողութեան առջեւ կանգ չ՛առներ այլեւս` թիկունք կանգնելու համար անոր բոլոր նախաձեռնութիւններուն:
ՀՄԸՄ այդ կազմակերպութիւններէն մէկն է, իր ժողովրդականութեամբ եւ վայելած համակրանքով: Կը մնայ, որ այդ երկու կարեւոր ազդակները գործնապէս արդիւնաւորէ, ինչպէս ըրած է տասնամեակներով, բայց ասկէ ետք` աւելի՛ կանոնաւոր եւ ծրագրուած աշխատանքով: