Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հզօր Լիբանան Համախմբում. «Կառավարութեան 100 Օրուան Ժամկէտը Սկսաւ Եւ Տեղահանուածներու Թղթածրարը Պէտք Չէ Քաղաքականացնել»

Փետրուար 20, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հզօր Լիբանան համախմբումի ընդհանուր քարտուղար Իպրահիմ Քանաան համախմբումի հանդիպումէն ետք ըսաւ, թէ կառավարութեան 100 օրուան ժամկէտը սկսած է եւ ամէն մէկ վայրկեան կարեւոր է ու այդ պատճառով դրուած է մեքանիզմ` հետեւելու համախմբումի նախարարներուն եւ երեսփոխաններուն միջեւ, ինչպէս նաեւ անոնց եւ կառավարական, տեղական եւ շրջանային կողմերուն միջեւ աշխատանքին:

Ան նշեց, որ նախարարական համերաշխութեան խախտուելուն վերաբերեալ բոլոր խօսքերը անհիմն են, եւ պաշտպանութեան նախարար Էլիաս Պու Սաապի խօսքը Միւնիխի վեհաժողովին ընթացքին յստակ է եւ կը կեդրոնանայ աւելի քան արաբական եւ միջազգային համաձայնութեան վրայ եւ կը նկատէ, որ ապահով գօտիները պէտք է ստեղծուին համախոհաբար այն երկիրներուն հետ, որոնց մէջ կը մտածուի ստեղծել այդ գօտիները: Քանաան ըսաւ, որ «մենք յանձնառու ենք նախարարական համախոհութեան եւ իբրեւ մէկ մարմին կառավարութեան աշխատանքին»:

Քանաան յայտնեց, որ տեղահանուածներու հարցերու պետական նախարար Սալեհ Ղարիպ այցելած է հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունին եւ վարչապետ Սաատ Հարիրիին եւ անոնց ներկայացուցած Սուրիա կատարած իր այցելութեան արդիւնքները, եւ կատարուածը երկրին շահին կը նպաստէ: Ան շեշտեց, որ սուրիացի տեղահանուածներու խնդիրը պէտք չէ քաղաքականացնել, եւ Ղարիպի այցելութիւնը համակարգուած եւ համաձայնեցուած էր, ինչպէս նաեւ տեղի ունենալէն առաջ եւ ետք բոլորին յայտարարուած էր:

«Մենք վերջինն ենք, որ կ՛ուզենք, որ խնդիրներ ստեղծուին ինչ կը վերաբերի կառավարութեան, անոր գործունէութեան եւ արդիւնաբերութեան շուրջ», յայտարարեց Քանաան: Ան աւելցուց, որ ելեկտրականութեան, ենթակառոյցներու, աղբերու, բնապահպանութեան վերաբերող նիւթերը եւ ժողովուրդին պահանջները կառավարութեան առաջնահերթութիւններն են: Քանաան ընդգծեց, որ «առանց բարեփոխումներու պիւտճէ կը նշանակէ, թէ ետեւ կ՛երթանք, եւ վերջնական հաշիւը եւ նիւթական հաշիւները կը պահանջուին, եւ մենք այսօր ըսինք, որ համաձայն չենք ֆինանսական կարգադրութեան, որպէսզի հասնինք վերջնական հաշիւի, որ մօտ օրէն պիտի հրապարակուի:

«Կեդրոնական հաշուեքննիչ տեսչութիւնը ներկայացուցած է գործի վերաբերեալ թիւերը եւ ան, որ կ՛ուզէ ատիկա քննարկել, թող հրամմէ խորհրդարան եւ ոչ թէ լրատուամիջոցներուն մէջ արծարծէ այս նիւթը: Ելեւմուտքի յանձնախումբը պիտի սկսի իրերայաջորդ նիստերու այս թղթածրարին շուրջ եւ զեկուցումը ներկայացնէ պատասխանատուներուն», յայտնեց Քանաան: «Մենք կ՛օգտուինք օրէնսդրական եւ հաշուետուութեան նիստերէն, որպէսզի մարդոց ձայնը հասցնենք, եւ կը յուսանք, որ կառավարութեան 100 օրուան ժամկէտը արդիւնաբերութեան եւ հսկողութեան մղիչ ուժ կ՛ըլլայ, եւ փտածութիւնը ճակատագիր մը չէ, որուն հետ պէտք է գոյակցիլ, իսկ բարեփոխումը կարելի է»:

 

Նախորդը

Հասան Խալիլ. «Պիւտճէն Խորհրդարան Պիտի Հասնի Յաջորդ Ամսուան Կիսուն»

Յաջորդը

Նախարար Ռայա Հասան Հանդիպում Ունեցաւ Եգիպտոսի Դեսպանին Եւ Գաղթականներու Հարցերով ՄԱԿ-ի Ներկայացուցիչին Հետ

RelatedPosts

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը  Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է  Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»
Գլխաւոր լուրեր

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»

Օգոստոս 19, 2025
Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան Ու Կայունութեան  Ո՛չ Ներդրում Կայ, Ո՛չ Ալ` Աճող Տնտեսութիւն»
Լիբանանեան

Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան Ու Կայունութեան Ո՛չ Ներդրում Կայ, Ո՛չ Ալ` Աճող Տնտեսութիւն»

Օգոստոս 19, 2025
Հաժ Հասան. «Ուաշինկթըն Մեզի Սպառնաց  Լիբանանը Պիլատ Շամին Կցելով, Եթէ Ամերիկեան  Փաստաթուղթը Չընդունինք»
Լիբանանեան

Հաժ Հասան. «Ուաշինկթըն Մեզի Սպառնաց Լիբանանը Պիլատ Շամին Կցելով, Եթէ Ամերիկեան Փաստաթուղթը Չընդունինք»

Օգոստոս 19, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?