Փորթուգալի ֆութպոլի ախոյեանութեան 22-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Չաւես – Պոաւիսթա մրցումը աւարտեցաւ 1-1 արդիւնքով:
Այս մրցումին Չաւեսի կազմէն 71-րդ վայրկեանին դաշտ ներկայացաւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Գէորգ Ղազարեան, մինչ արդիւնքը կ՛ընթանար 1-1 հաւասարութեամբ:
30 տարեկան Ղազարեան 17 դեկտեմբերէն ի վեր կը բացակայի ֆութպոլի դաշտերէն: Ան վնասուածք ստացած էր Մորէյրենսէի դէմ տեղի ունեցած 13-րդ հանգրուանի մրցումին: