Հայաստանի ներկայացուցիչ Լեւոն Աղասեան յաջորդաբար երրորդ տարին ըլլալով հանդիսացաւ առաջին` պալքանեան երկիրներու աթլեթիզմի ձմեռնային ախոյեանութեան երեք քայլ ոստումի մրցումներուն:
Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած այս ախոյեանութեան, կապանցի 24 տարեկան մարզիկը արձանագրեց 16,71 մեթր արդիւնք մը:
2-րդ դիրքը գրաւեց ազրպէյճանցի Նազիմ Պապայեւ (16,68 մեթր), իսկ 3-րդ դիրքը` թուրք Էօպեք Ճան (16,21 մեթր):
Աղասեան 2016-ի ողիմպիական խաղերուն իր մասնակցութիւնը բերած էր:



