Գերմանական «Ֆրանքֆորթեր Ալկեմայնէ Ցայթունկ» մարզաթերթը հաղորդեց, որ Իրանի մէջ չսփռուեցաւ նախապէս ծրագրուած Օկզպուրկ – Պայէրն Միւնիխ, «Պունտըսլիկա»-ի 22-րդ հանգրուանի մրցումը:
Հեռարձակման չեղեալ յայտարարուելուն պատճառը դարձած էր այս մրցումին Պիպիանա Շթայնհաուսի նշանակումը իբրեւ կեդրոնի գլխաւոր կին իրաւարար:
Պիպիանա Շթայնհաուս Գերմանիոյ ֆութպոլի պատմութեան մէջ կը հանդիսանայ առաջին կին իրաւարարը: Ան 2017-էն ի վեր իրաւարարութիւնը ստանձնած է «Պունտըսլիկա»-ի բազմաթիւ մրցումներու:



