Ալաւեսի համակիրները «Լա լիկա»-ի ղեկավարութեան դէմ բողոքի ձեւ մը կիրարկեցին Լեվանթէի դէմ տեղի ունեցած Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 23-րդ հանգրուանի մրցումին ընթացքին:
Արդարեւ, անոնք ուսամբարձ դաշտ մտան… դագաղով եւ այդ ձեւով շրջագայեցան թրիպիւններուն վրայ:
Ալաւեսի համակիրները դժգոհ են, որովհետեւ իրենց սիրելի խումբին մրցումները պարբերաբար կը կատարեն շաբթուան ընթացքին, անոնց աշխատանքի օրերուն:
Նշենք, որ այս մրցումին Ալաւես 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց եւ, 35 կէտ ապահովելով, բարձրացաւ 6-րդ դիրք:



