ՊԱՐԳԵՒ (ՖԱՏԻ) ՊԱՇԽԸՆՃԻ
Տիգրան Մանսուրեան երեւոյթին հետ չէի մտածեր անգամ հանդիպիլ, ալ ո՛ւր մնաց` իր ներկայութեան ելոյթ ունենալ:
12 փետրուարի երեկոյեան ժամը 8:00-ին Տիգրան Մանսուրեան ներկայ գտնուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Շնորհալի» երգչախումբի փորձին, որուն ընթացքին ներկայացուցինք փունջ մը հայկական երգերու ընտրանի:
Ապա Տիգրան Մանսուրեանը իր հեղինակաւոր խօսքով խրախուսեց երգչախումբի անդամներուն` ըսելով, որ երգը կը բխի մարդուն էութենէն, կ՛ազնուացնէ անոր միտքն ու հոգին` զայն առաջնորդելով դէպի վեհը, դէպի վսեմը:
Անոր խօսքերը խորապէս տպաւորիչ ու շինիչ էին, անոնցմով կլանուեցանք խմբովին:
Իսկ «Շնորհալի» երգչախումբի ղեկավար Զաւէն աբղ. Նաճարեանը իր հերթին նախ ողջունեց երաժիշտը եւ բարձր գնահատեց վեհափառ հայրապետին այսպիսի նախաձեռնութիւնները, որոնք դրական լիցքեր կը հաղորդեն գաղութի մշակութային կեանքի զարգացման:
Արդ, շնորհակալութիւն Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին` մեզի ընձեռած այս անկրկնելի հանդիպման համար:



