Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայրենադարձի Պատմութիւն

February 19, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՏԻՐԱՆ ՊԱՂՏԱՏԵԱՆ

1993-ին, Հայաստան կատարած առաջին այցելութեանս ընթացքին, վստահ էի, որ օր մը առիթը պիտի ունենամ հայրենիքիս մէջ ապրելու: Հակառակ Հայաստանի դիմագրաւած բոլոր դժուարութիւններուն` Հայաստանի պատկանելիութեան հաճելի զգացում ունէի:

Տարիներ անց այս զգացումը զիս մղեց, որ վերջնականապէս փոխադրուիմ Հայաստան: Իբրեւ հայ, ես երբեք չէի գտած իրական տուն` իմ այցելած եւ ապրած բոլոր երկիրներուս մէջ:

Ծնած եմ Լիբանան, ուսումս ստացած եմ Աւստրիա եւ, վերջապէս, 2005-ին որոշեցի երազս իրականացնել եւ մնայուն կերպով Հայաստան ապրիլ: Հայրենիքի եւ սփիւռքի միջեւ տարբերութիւնը հասկցայ Հայաստան տեղափոխուելէս ետք: Օրըստօրէ աւելի վստահ կ՛ըլլամ, որ տուած որոշումս լաւագոյնն էր ինծի համար` իբրեւ հայու: Աշխատանքային ժամերէն ետք Հայաստանի մէջ եռացող կեանքը այն է, ինչ որ ես ու ընտանիքս կը փափաքէինք` ցուցահանդէսներ, թատրոններ, համերգներ եւ տարբեր տեսակի ձեռնարկներ. այս բոլորը դրական իրողութիւններ են կեանքիս մէջ: Զաւակներուս համար իմ մանկութեան ծանր պարտականութիւնը եւ ցանկութիւնը` պահպանել հայկական ոգին, լեզուն եւ մշակոյթը, այլեւս խնդիր չէ: Այստեղ երկրորդ երազ մըն ալ իրականացաւ, երեխաներս` Վանին եւ Առնոն Հայաստանի մէջ ծնան: Այսօր իմ մարտահրաւէրս է մասնակցիլ հայրենիքի վերակառուցման ամբողջ գործընթացին` դուրսէն քննադատելու եւ անգործ այնտեղ ապրելու փոխարէն: Ապագային կ՛ուզեմ զաւակներուս աչքերուն նայիլ եւ ըսել, որ մեր ընտանեկան ծառը վերադարձուցի իր արմատներուն: Հայաստան վերադառնալու իմ որոշումս շատ կարեւոր պատճառներ ունէր, անոնցմէ մէկն էր վրէժխնդիր պատասխանը Հայոց ցեղասպանութեան նախաձեռնողներուն, որոնք կը ծրագրէին Հայաստանը դատարկել իր բնակչութենէն: Ես վերադարձայ հիմնելու ընտանիք` մօտաւորապէս 100 տարի առաջ հետապնդուած մեծ հայրերուս փոխարէն: Շատ հաճելի զգացում է «բարեւ» ըսել ամէն հանդիպած մարդուդ, ամէն օր վայելել այն կոթողները, յուշարձաններն ու տեսարանները, զորս տարիներ շարունակ կը տեսնէի սենեակիս մէջ զետեղուած հայկական օրացոյցներուն մէջ:

Նիւթը տրամադրուած է «Վերադարձ Հայաստան» հիմնադրամին կողմէ www.repatarmenia.org

Հարցազրոյցի թուական` հոկտեմբեր 2012 http://repatarmenia.org/en/engage/community/a/diran-bagdadian

 

 

Նախորդը

Հանդիպումս` Երաժիշտ Տիգրան Մանսուրեանին Հետ

Յաջորդը

Նախիջեւանին Մօտ Թուրքական Զօրամասերը Եւ Հնարաւոր Վտանգները

RelatedPosts

Եապանճօ Հարսին Օտար Առաջարկը
Անդրադարձ

Աշունը Գլուխը Երկարեց

October 28, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Թրքական Աշխարհի Ռազմական Համախմբումը. Ո՞ւր Է Հայաստանի Տեղը Նոր Աշխարհաքաղաքական Քարտէսին Վրայ

October 28, 2026
Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ընտրութիւններու Եւ Պատերազմի Միջեւ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.