Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՔՈՒՏՐԻՆ ՔՈՒԷԱՐԿՈՒԹԵԱՆ ԱՐԴԻՒՆՔԻ ՎԵՐԱՀԱՇՈՒԱՐԿ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԷ. ԸՍՏ ՇԵՒԱՐՏՆԱԾԷԻ` «ԱՐԱԲԱԿԱՆ ԳԱՐՈՒՆ»Ը ՌՈՒՍԻՈՅ ՉԻ ՍՊԱՌՆԱՐ

December 13, 2011
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Էտուարտ Շեւարտնածէ

Վրաստանի նախկին նախագահ Էտուարտ Շեւարտնածէ վրացական «Ասաւալ Տասաւալի» օրաթերթին հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտարարած է, որ Ռուսիոյ մէջ յեղափոխական իրադարձութիւններու մասին խօսելու հիմքեր չկան: «Արաբական գարնան» վտանգը Ռուսիոյ չի սպառնար», ըսած է ան:

Շեւարտնածէ կարծիք յայտնած է, որ Ռուսիոյ յառաջիկայ նախագահական ընտրութիւններուն մէջ յաղթանակ պիտի արձանագրէ գործող վարչապետ Վլատիմիր Փութին: «Փութին աւելի շատ նախագիծեր ունի: Ան առաջադրած է Եւրասիական միութիւն ստեղծելու գաղափարը, ինչ որ կրնայ իրագործել», ըսած է Շեւարտնածէ: Ան աւելցուցած է, որ Վրաստանի ներկայ ղեկավարութիւնը «քաղաքական կամք դրսեւորելու պարագային» կրնայ Փութինի հետ հասարակաց լեզու գտնել:

«Լաւ գիտեմ Վլատիմիր Փութինը: Կրնամ վստահաբար ըսել, որ ան վրացիներուն նկատմամբ անբարեացակամութեամբ չի վերաբերիր», ըսած է ան:

Ռուսիոյ նախագահ Տմիթրի Մետվետեւ «Դիմատետր» ընկերային ցանցի իր էջին մէջ գրած է, որ ինք համաձայն չէ Մոսկուայի Պոլոթնայա հրապարակին վրայ, ինչպէս նաեւ ընդդիմութեան բողոքի այլ ցոյցերուն ժամանակ հնչած կարգախօսերուն եւ յայտարարութիւններուն:

«Ըստ սահմանադրութեան, Ռուսիոյ քաղաքացիները ունին խօսքի եւ հաւաքներու ազատութեան իրաւունք: Մարդիկ իրենց դիրքորոշումը արտայայտելու իրաւունք ունին, ինչ որ ալ ըրին: Լաւ է, որ ամէն ինչ օրէնքի ծիրին մէջ տեղի ունեցաւ: Ես համաձայն չեմ հանրահաւաքներուն ժամանակ հնչած կարգախօսերուն եւ յայտարարութիւններուն հետ», ըսած է Մետվետեւ` նշելով միաժամանակ, որ այսուհանդերձ յանձնարարած է ստուգել ընտրական խախտումներուն մասին բոլոր հաղորդագրութիւնները:

10 դեկտեմբերին Ռուսիոյ շարք մը մեծ քաղաքներուն մէջ խորհրդարանական ընտրութիւններու արդիւնքներուն դէմ բողոքի ցոյցեր տեղի ունեցան: Այդ ցոյցերուն մասնակիցները կը բացագանչէին «Ռուսիան առանց Փութինի», «Ամօթ է» եւ «Ազատութիւն քաղաքական բանտարկեալներուն» կարգախօսերը:

Հանրահաւաքի աւարտին ընդդիմութիւնը հինգ կէտերէ բաղկացած բանաձեւ որդեգրեց: Այդ հինգ կէտերն են` ընդդիմադիրները կը պահանջեն Ռուսիոյ Ընտրական կեդրոնական յանձնախումբի նախագահ Վլատիմիր Չուրովի հրաժարականը, հետաքննել «անոր գործունէութիւնը», չեղեալ յայտարարել 4 դեկտեմբերին կայացած խորհրդարանական ընտրութիւնները, նոր ընտրութիւններ նշանակել, հետաքննել բոլոր ընտրական խախտումներուն եւ ընտրական կեղծիքներուն փաստերը, ընտրութիւններուն մասնակցելու համար արձանագրել ընդդիմադիր կուսակցութիւնները եւ կուսակցութիւններու եւ ընտրութիւններու մասին ժողովրդավարական օրէնքներ ընդունիլ, ազատ արձակել քաղաքական բանտարկեալները` բոլոր անոնք, որոնք ձերբակալուած են 5 դեկտեմբերին տեղի ունեցած երթի ժամանակ, ինչպէս նաեւ նախապէս ձերբակալուածները, որոնց շարքին` խարդախութեան եւ հարկերէն խուսափելու համար ազատազրկման դատապարտուած ԵՈՒՔՈՍ ընկերութեան նախկին ղեկավար Միխայիլ Խոտորկովսքին:

Ռուսիոյ ելեւմուտքի նախկին նախարար Ալեքսէյ Քուտրին «Վիտոմոսթի» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարած է, որ երկրի Ընտրական կեդրոնական յանձնախումբի նախագահ Վլատիմիր Չուրովի հրաժարականի հարցի բարձրացումը արդարացի է, եւ եթէ նման բան տեղի չունենայ, յաջորդ ընտրութիւնները աւելի վատ պիտի անցնին:

Ան նաեւ խոստովանած է, որ չէ քուէարկած իշխող Ետինայա Ռոսիա կուսակցութեան ի նպաստ, որպէսզի իր քուէաթերթիկը չօգտագործուի մեքենայութիւններու համար: Ըստ Քուտրինի, խախտումները հարիւրաւոր, եթէ ոչ հազարաւոր եղած են: Այդ իսկ պատճառով անհրաժեշտ է քուէարկութեան արդիւնքներու վերահաշուարկ բազմաթիւ տեղամասերու եւ նոյնիսկ շրջաններու մէջ: Ըստ անոր, անցած խորհրդարանական ընտրութիւնները «հետաքրքրական երեւոյթ» են:

«Աճած է քաղաքական քննարկումներու լարուածութիւնը: Ետինայա Ռոսիայի աջակցութեան նուազումը «տրամաբանական արդիւնք է: Հակառակ բազմաթիւ խախտումներուն, մարդոց իրական նախընտրութիւնները ի յայտ եկած են», ըսած է Քուտրին:

Նախորդը

ՌՈՒՍԻԱ ԿԱՊԱԼԱՅԻ ՄԷՋ ՌԱՏԱՐԻ ՆՈՐ ԿԱՅԱՆ ՊԻՏԻ ԿԱՌՈՒՑԷ

Յաջորդը

ԻՍՐԱՅԷԼԻ ՆՈՐ ԴԵՍՊԱՆԸ ԳԱՀԻՐԷ ՀԱՍՆԵԼԷ ԵՏՔ ԿԸ ՅԱՅՏԱՐԱՐԷ. «ԵԳԻՊՏՈՍ – ԻՍՐԱՅԷԼ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԻՒՆԸ ՏՈԿՈՒՆ Է»

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
Թրամփ-Շի Հանդիպում
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ-Շի Հանդիպում

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.