Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԵՈՎԱՆՈՎԻՉ Կ՛ՈՂՋՈՒՆԷ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ՆԵՐՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԼԱՐՈՒԱԾՈՒԹԵԱՆ ՆՈՒԱԶՈՒՄԸ

March 24, 2011
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Դեսպան Մարի Եովանովիչ

Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մարի Եովանովիչ երէկ ՕԹԱՆ-ի տեղեկատուական կեդրոնին մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին անդրադարձաւ Հայաստանի ներքաղաքական խնդիրներուն:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք համաձա՞յն է այն գնահատականներուն, որ իշխանութիւններու եւ ընդդիմադիր Հայ ազգային քոնկրեսին միջեւ կառուցողական երկխօսութիւն սկսած է եւ արդեօք Միացեալ Նահանգներ պիտի նպաստե՞ն այսպիսի միտումներուն, Մարի Եովանովիչ յայտնեց, որ քաղաքական տարբեր ուժերու, կուսակցութիւններու եւ խմբակցութիւններու միջեւ յարաբերութիւնները բացառապէս հայաստանցիներու որոշելիք հարցերն են եւ չի կարծեր, որ Միացեալ Նահանգներ կրնան որոշ դերակատարութիւն ունենալ անոնց մէջ:

Դեսպանը աւելցուց, որ Միացեալ Նահանգներ կը հետեւին ներքաղաքական հոլովոյթներուն եւ միայն կ՛ողջունեն անոնց մէջ լարուածութեան նուազումը:

Խօսելով 2008-ի մարտեան դէպքերուն պատճառով մինչեւ այսօր բանտարկուածներուն մասին` Մարի Եովանովիչ շեշտեց, որ Միացեալ Նահանգներու դիրքորոշումը չէ փոխուած այս հարցին մէջ:

,Մենք կ՛ողջունենք համաներումը, ինչպէս նաեւ այն փաստը, որ նոր բանտարկեալներ ազատ կ՛արձակուին, ներառեալ, անցեալ շաբաթ երկու ազատ արձակուածները: Եւ մենք կը խրախուսենք այս հոլովոյթին շարունակումըե, ըսաւ դեսպան Եովանովիչ:

Դեսպանին բազմաթիւ հարցումներ ուղղուեցան Երեւանի պետական համալսարանին մէջ անոր արտասանած քաղաքացիական հասարակութեան կարեւորութեան մասին վերջին խօսքին վերաբերեալ: Այդ յայտարարութիւնը հայաստանեան մամուլին մէջ բազմաթիւ արձագանգներու եւ մեկնաբանութիւններու տեղի տուած էր: Եովանովիչ դարձեալ ընդգծեց Հայաստանի մէջ քաղաքացիական հասարակութեան ստեղծման կարեւորութիւնը:

,Մենք կենսական անհրաժեշտութիւն կը նկատենք հասարակութեան առջեւ կառավարութեան հաշուետու ըլլալը եւ կը նկատենք, որ շրջանին, ինչպէս նաեւ աշխարհի մէջ կան երկիրներ, որոնք այսօր կը ձգտին աւելի հաշուետու դառնալ: Մեզի` ամերիկացիներուս համար ատիկա կը նշանակէ, որ քաղաքական հոլովոյթներուն մէջ մարդոց ձայները պէտք է լսելի դարձնել, եւ ատիկա արդարացի ու թափանցիկ հոլովոյթ էե, ըսաւ ան:

Իբրեւ ՕԹԱՆ-ի անդամ երկրի ներկայացուցիչ, Միացեալ Նահանգներու դեսպանը խօսեցաւ նաեւ Հայաստան-ՕԹԱՆ գործակցութեան մասին` զայն դրական գնահատելով:

 

Նախորդը

ՕԴԱՅԻՆ ՀԱՐՈՒԱԾՆԵՐԸ ՔԱԶԶԱՖԻՆ ՆԱՀԱՆՋԻ ԿԸ ՄՂԵՆ

Յաջորդը

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԵԱՆ ՄԱՄԼՈՅ ՔԱՐՏՈՒՂԱՐ. «ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՊԱՏՐԱՍՏ Է ԼԻՊԻՈՅ ԲՆԱԿՉՈՒԹԵԱՆ ՄԱՐԴԱՍԻՐԱԿԱՆ ՕԺԱՆԴԱԿՈՒԹԻՒՆ ՏՐԱՄԱԴՐԵԼՈՒ»

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.