Գերմանական «Քիքըր» թերթը կը հաղորդէ, որ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի գործադիր կոմիտէն պիտի քննարկէ «Չեմփիընզ լիկ»-ի եւ «Եւրոպայի լիկա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքերուն փլէյ-օֆի մրցումներուն ընթացքին օտար դաշտի վրայ կոլ նշանակելու օրէնքը վերցնելու հարցը:
Այս նիստը տեղի պիտի ունենայ այսօր, Հռոմի մէջ:
Այս օրէնքը վերցնելու գլխաւոր պատճառը այն է, որ ընդհանրապէս երթի մրցումներուն հիւր կազմերը ներկայիս յաւելեալ դիւրութեամբ կոլեր կը նշանակեն, քան ինչ որ էր անցեալին:
Այս պատճառով, դարձի մրցումներուն հիւր կազմերը, որոնք ուշացած են կոլ նշանակելու, դուրս կը մնան մրցաշարքէն:
Այս օրէնքը արդէն իսկ սկսած է կիրարկուիլ Անգլիոյ բաժակի եւ Անգլիոյ լիկայի բաժակի մրցաշարքերուն ընթացքին:



