Անգլիական «Փրեմիեր լիկ»-ին մէջ հանդէս եկող Քարտիֆ Սիթիի նորեկ Էմիլիանօ Սալայի ընտանիքին յայտնեցին կործանուած իր գործածած ուղղաթիռին յայտնաբերման մասին:
Արժանթինցի յառաջապահին հայրը` Օրասիօ եւ անոր ընտանեկան պարագաները, մեծ տխրութեամբ իմացան անոր մահուան գուժը:
Էմիլիանօ Սալան տեղափոխող ուղղաթիռը անհետացած էր ֆրանսական Նանթ քաղաքէն Կալեսի մայրաքաղաք Քարտիֆ ուղղուելու ընթացքին: Ուղղաթիռը նախատեսուած վայրէջքէն մէկ ժամ առաջ ռատարներէն անհետացած էր Լա Մանշի ջուրերուն վրայ:
«Փայփըր-Մալիպու» թեթեւ ուղղաթիռին մէջ եղած են ֆութպոլիստը եւ օդաչուն` Տէյվիտ Իպոթսըն:
28 տարեկան ֆութպոլիստը Կալես կը մեկնէր նոյն այդ ուղղաթիռով, որուն հետ քանի մը օրեր առաջ Ֆրանսա վերադարձած էր Քարտիֆ Սիթիի հետ պայմանագրութիւն մը ստորագրելէ ետք:
Անոր փոխանցման համար Կալեսեան ակումբը վճարած էր 20,5 միլիոն եւրօ: