Յատուկ հանդիսութեան մը ընթացքին, Աթլեթիքօ Պէյրութ ակումբը իր ֆութպոլի դաշտերուն վրայ (Տըպպայէ) պատուեց ֆութպոլի իր կրտսերներու խումբերը, որոնք Լիբանանի ախոյեանութեան մրցումներուն արձանագրեցին փայլուն արդիւնքներ:
2006-ի ծնունդ անոր խումբը հանդիսացաւ Լիբանանի ախոյեան, ինչպէս նաեւ` 2008-ի ծնունդ կազմը, մինչ 2007-ի ծնունդ խումբը գրաւեց երկրորդ դիրքը:
Մարք Սթեֆան (2008-ի ծնունդ) եւ Սելիմ Մըսալլեմ (2006-ի ծնունդ) իրենց կազմերուն հետ ընտրուեցաւ ախոյեանութեան լաւագոյն մարզիկները, մինչ Ռայան Տահեր (2007-ի ծնունդ)` լաւագոյն բերդապահը:
Աթլեթիքօ կը գործակցի ֆրանսական Օլիմփիք Լիոնեզի հետ:
Ակումբին նախագահը Ռոպերթ Փաուլի, գնահատեց անոնց ձեռք ձգած այս յաջողութիւնները` մաղթելով նորանոր իրագործումներ: