Հայկական լրատուամիջոցները հաղորդեցին, որ Հայաստանի ներկայացուցիչները ֆրանսական Նիս քաղաքին մէջ տեղի ունեցած ըմբշամարտի միջազգային մրցաշարքին տպաւորիչ արդիւնքներ արձանագրելով տիրացան չորս մետալի:
Հայաստանի խումբին եօթը ըմբիշներէն չորսը հանդիսացան մրցաշարքի յաղթականներ:
Ոսկի մետալի տիրացան Ռուդիկ Մկրտչեան (55 քկ), Կարէն Ասլանեան (67 քկ), Հրանդ Կալաչեան (72 քկ) եւ Արսէն Ջուլֆալակեան (77 քկ), իսկ Գէորգ Ղարիբեան (60 քկ) եւ Արթուր Շահինեան (97 քկ) տիրացան պրոնզէ մետալներու:
Հայաստանի ներկայացուցիչներէն մետալի չկրցաւ տիրանալ միայն 87 քկ դասակարգին մէջ հանդէս եկած աշխարհի եւ Եւրոպայի ախոյեան Մաքսիմ Մանուկեան: Ան կրելով 2 պարտութիւն, վեց մասնակցողներուն մէջ գրաւեց վերջին դիրքը:
Բայց եւ այնպէս, Հայաստանի ներկայացուցիչներուն արդիւնքները նկատուեցան բաւական գոհացուցիչ, առ ի պատրաստութիւն յառաջիկային տեղի ունենալիք այլ կարեւոր ախոյեանութիւններու եւ մրցաշարքերու: