Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 12-րդ հանգրուանի մրցումները աւարտեցան երէկ գիշեր, երբ տեղի ունեցաւ յայտագիրին վրայ գտնուող ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Հուփս մրցումը` «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ:
Լիբանանի գործող ախոյեան ՀՄԸՄ Անթիլիաս շարունակեց մնալ ցարդ անպարտելի միակ խումբը, երբ արձանագրեց իր 12-րդ յաղթանակը` 74-47 արդիւնքով: Մրցումին չորս քորթըրները ընթացան հետեւեալ ձեւով. 28-18, 14-5, 18-8 եւ 14-16:
ՀՄԸՄ այժմ ունի 24 կէտ, մինչ ետին գտնուող Ռիատի, որ կրած է պարտութիւն մը (այդ ալ` ՀՄԸՄ-էն), ունի 23 կէտ:
Երրորդ դիրքը 19 կէտով կը գրաւէ Անդրանիկ Պէյրութ, որ կրած է 3 պարտութիւն:



