Լիբանանի ֆութսալի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան 9-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, շաբաթ, 2 փետրուարին, ՀՄԸՄ Պէյրութի տինամիք կազմը, Էմիլ Լահուտի անուան մարզահամալիրին մէջ (Ռաուտա) արձանագրեց շռնդալից յաղթանակ մը` 10-0 արդիւնքով բաւական ծանր պարտութեան մատնելով Կլոպըլ համալսարանի խումբը:
Շանթ Պալեան հեթրիք մը իրագործեց (5-րդ, 12-րդ եւ 18-րդ), իսկ մնացեալ կոլերը նշանակեցին Երուանդ Մանասերեան (4-րդ եւ 40-րդ), Մհեր Սիւրմենեան (6-րդ եւ 16-րդ), Խաչիկ Սերոբեան (12-րդ), Աւագ Պալապանեան (38-րդ) եւ Միքայէլ Նորաշխարհեան (39-րդ):
Կը շնորհաւորենք ՀՄԸՄ-ի արձանագրած այս փայլուն յաղթանակը:



