Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Աքրամ Հալապի շնորհաւորանքի իր խօսքը ուղղեց երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Մոհամետ Ֆընէյշին` իր եւ ֆետերասիոնին անունով ողջունելով անոր նախարար վերանշանակումը:
Հալապի յոյս յայտնեց, որ նախարար Ֆընէյշ կը շարունակէ մնալ բոլորին զօրավիգ կանգնողը, ի մասնաւորի` Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին, որուն արդէն իսկ կը հոգար այլ ֆետերասիոններուն նման:
Իր խօսքին մէջ Հալապի ըսաւ, թէ մօտիկ ապագային, յատուկ այցելութիւն մը պիտի տայ նախարարութեան գրասենեակ` շնորհաւորանքի իր խօսքը փոխանցելու նախարարին` իրեն ընկերակցող պատուիրակութեան մը հետ:
 
			


