Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան մտահոգութիւն յայտնած է «Մահան Էյր»-ի պատճառով հայկական ընկերութեան մը դէմ Միացեալ Նահանգներու սահմանած պատժամիջոցներու խտրական բնոյթին վերաբերեալ:
Արամ Համբարեան անդրադարձած է Միացեալ Նահանգներու ելեւմուտքի նախարարութեան կողմէ` շրջապտոյտներ կազմակերպող հայկական ընկերութեան դէմ սահմանուած պատժամիջոցներուն, որոնք պայմանաւորուած են իրանական «Մահան Էյր» օդանաւային ընկերութեան հետ համագործակցելու հանգամանքով:
Ըստ Համբարեանի, որոշ ակնյայտ տուեալներ հաշուի չեն առնուած, այդ պատճառով ալ անհասկնալի խտրական ընտրութիւն կատարուած է իրանական օդանաւային ընկերութեան հետ աշխատող բազմաթիւ ընկերութիւններէ:
Համբարեան կը մէջբերէ ամերիկացի լրագրող Էմմանուել Օթթոլենկիի կատարած հետազօտութեան տուեալները, որոնք անտեսուած են պատժամիջոցներու մասին նիւթի հրապարակման ժամանակ: Ըստ այդ տուեալներուն, «Մահան Էյր»-ի հետ առնուազն 67 գործակալութիւն աշխատած է, այդ կարգին` շրջապտոյտներ կազմակերպող 8 ընկերութիւններ Թուրքիայէն:
«Իրանական օդանաւային ընկերութեան կայքին մէջ տեղեկութիւն կայ 26 մասնաճիւղի եւ վաճառքի գրասենեակի մասին, որոնցմէ 3-ը կը գործեն Թուրքիոյ մէջ:
Այնուամենայնիւ, մինչեւ այսօր կը խօսուի միայն երեք ընկերութեան դէմ Միացեալ Նահանգներու սահմանած պատժամիջոցներուն մասին: Անոնք Մալեզիոյ, Թայլանտի եւ Հայաստանի մէջ գործող ընկերութիւններն են: Միեւնոյն ժամանակ որեւէ պաշտօնական մեկնաբանութիւն չկայ պատժամիջոցներ սահմանելու ընտրովի բնոյթին վերաբերեալ», իր ֆէյսպուքեան էջին մէջ գրած է Համբարեան:
Համբարեան ընդգծած է, թէ Թուրքիան եւ Ազրպէյճանը ո՛չ միայն զերծ մնացած են «Մահան Էյր»-ի հետ կապուած պատժամիջոցներէն, այլեւ ազատ ուղեւորութեան կարելիութիւն ստացած են դէպի Իրան: