Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«2018-ին Արցախի Մէջ Երկնիշ Տնտեսական Աճ Ապահովուած Է, Իսկ Նախանշուած Ծրագիրները Իրականացած Են» Յայտնեց Բակօ Սահակեան

February 2, 2019
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան երէկ նախագահեց կառավարութեան նիստին:

Արցախի նախագահի մամլոյ գրասենեակը տեղեկացուցած է, թէ նիստի օրակարգին վրայ ընդգրկուած հարցերուն վերաբերեալ իր խօսքին մէջ նախագահը ամփոփեց 2018-ի ընկերային – տնտեսական զարգացման արդիւնքները, ինչպէս նաեւ նախանշած է 2019-ին կատարուելիք աշխատանքները` համապատասխան յանձնարարականներ տալով զանոնք պատշաճ կերպով իրագործելու ուղղութեամբ:

Նախագահ Բակօ Սահակեան ընդգծեց, որ նախորդ տարի, ընդհանուր առմամբ, յաջողած են իրականացնել նախանշուած ծրագիրները եւ ապահոված են տնտեսութեան զարգացումը: Արցախի Հանրապետութեան նախագահը նշեց, որ համախառն ներքին արդիւնքի ցուցանիշը կազմած է շուրջ 303 միլիառ դրամ, ապահովուած է երկնիշ տնտեսական աճ, որուն համար հիմք հանդիսացած են նիւթական արտադրութեան ճիւղերու, մասնաւորապէս` հանքագործական արդիւնաբերութեան եւ ուժանիւթի, ինչպէս նաեւ առեւտուրի եւ ծառայութիւններու մարզերուն մէջ արձանագրուած զարգացումը: Նախագահը դրական նկատեց այն հանգամանքը, որ տարին աւարտած է առանց նիւթական պարտաւորութիւններու արձանագրութեան:

Նախագահ Սահակեանը կարեւոր նուաճումներէն մէկը նկատեց նաեւ այն, որ ելեկտրականութեան արտադրութեան մարզին մէջ ապահովուած է ո՛չ միայն ինքնաբաւութիւն, այլ նաեւ արտահանման կարելիութիւն:

«Տնտեսութեան աշխուժ զարգացման կարեւոր խթանիչներէն է համապատասխան գործարար միջավայրի ստեղծումը, պահպանումը եւ զարգացումը, փոքր եւ միջին գործարարութեան համար նպաստաւոր դաշտի ձեւաւորումը: Արցախի Հանրապետութեան գործարար միջավայրը մրցակցային առաւելութիւն դարձնելը մեր տնտեսական քաղաքականութեան առանցքային թիրախներէն է», իր խօսքին մէջ ընդգծեց Բակօ Սահակեան:

Նախագահը շեշտեց, որ Արցախի Հանրապետութիւնը ընկերային պետութիւն է, եւ ընկերային մարզը մշտապէս առաջնահերթութիւն է երկրի զարգացման օրակարգին մէջ` նշելով, որ պետութիւնը կը շարունակէ տարբեր ծրագիրներ իրականացնել բնակչութեան ընկերային-տնտեսական բարեկեցութեան բարձրացումին ուղղութեամբ` յատուկ ուշադրութիւն սեւեռելով ընկերային առումով խոցելի խաւերու, յատկապէս` զոհուած ազատամարտիկներու եւ զինուորական ծառայութեան մասնակցողներու, բազմազաւակ եւ անապահով ընտանիքներու կեանքի որակի բարելաւումին վրայ:

Անդրադառնալով 2019-ին կատարուելիք աշխատանքներուն` Սահակեան նշած է, որ անհրաժեշտ է հաւանական բոլոր քայլերը առնել` նախատեսուած ծրագիրներուն պատշաճ իրականացման համար` շեշտելով պետական միջոցներու խնայողութեան ու արդիւնաւէտ օգտագործման անհրաժեշտութիւնը:

 

Նախորդը

Սփիւռքի Հարցերով Յատուկ Յանձնարարութիւններու Դեսպան Պիտի Նշանակուի

Յաջորդը

Գերմանիա. Փաշինեան – Մերքել Հանդիպումին Ընթացքին Շեշտուեցաւ Հայ-Գերմանական Յարաբերութիւնները Աւելի Եւս Սերտացնելու Անհրաժեշտութիւնը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Թեհրանի Ընտրած Պահը`  Շեշտակի Զգուշացնելու
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Թեհրանի Ընտրած Պահը` Շեշտակի Զգուշացնելու

November 7, 2026
Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը
Գլխաւոր լուրեր

Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը

November 7, 2026
Փանքին. «Հայաստան Յաջորդ Շաբաթ Կրնայ  Զրկուիլ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Իրաւունքէն»
Հայկական

Փանքին. «Հայաստան Յաջորդ Շաբաթ Կրնայ Զրկուիլ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Իրաւունքէն»

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.