Պաքուն երէկ յատուկ յայտարարութեամբ արձագանգած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին, որ մէկ օր առաջ բացառած էր, թէ իր կառավարութիւնը կրնայ քննարկել «տարածքներ` խաղաղութեան դիմաց» բանաձեւը: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը:
«Փաշինեանի տրամաբանութիւնը դժուար է հասկնալ: Ինչպէս յայտնի է, ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի հովանիին տակ տեղի ունեցող բանակցութիւններու հիմքը ինքնին հայկական ուժերու հեռացումն է Ազրպէյճանի գրաւեալ տարածքներէն», յայտարարած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը` աւելցնելով. «Այդ պահանջը արտացոլուած է ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի 4 բանաձեւերու մէջ, ինչպէս նաեւ տագնապի լուծման շուրջ միջազգային կազմակերպութիւններու կողմէ որդեգրուած գրեթէ բոլոր փաստաթուղթերուն մէջ: Այս պարագային հարց կը յառաջանայ` արդեօք Փաշինեանի այդ յայտարարութիւնը բանակցութիւններէն հրաժարում չի՞ նշանակեր»:



