«Ասիկա համազօր է նացիներու կեռ խաչը հրէական վարժարանի մը վրայ դնելու քայլին». Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Փոլ Քորեթց այսպէս բնութագրեց անցեալ երեքշաբթի վաղ առաւօտուն Ազգային Ֆերահեան եւ ՀԲԸՄ-ի Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարաններու պատերուն վրայ անյայտ անձերու կողմէ թրքական դրօշակներ փակցնելու արարքը: Ոստիկանութիւնը այս արարքը կը նկատէ ատելութիւն արտայայտող ոճիր:
Քորեթց` հայ համայնքի ներկայացուցիչներու եւ ոստիկան ու կրթական պաշտօնատարներու ու պատասխանատուներու հետ, երեքշաբթի երեկոյեան մասնակցեցաւ մամլոյ ասուլիսի մը, որ լայնօրէն արձագանգ գտաւ տեղական զանգուածային լրատուական միջոցներուն մօտ:
Ասուլիսը, որ կազմակերպուած էր Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչման նպատակով կազմուած միացեալ յանձնախումբին կողմէ, տեղի ունեցաւ Ֆերահեան վարժարանի «Աւետիսեան» սրահին մէջ: Յանձնախումբը կը համախմբէ համայնքին մէջ գործող 18 միութիւններ:
Երկու վարժարաններու տնօրէնութիւնները ձեռնարկած են բոլոր անհրաժեշտ միջոցներուն` ապահովելու համար իրենց աշակերտներուն անվտանգութիւնը:
Ասուլիսին ընթացքին խօսք առաւ ոստիկանութեան գնդապետ Էռնեսթ Էսքրիճ` Արեւմտեան հովիտի ոստիկանական բաժանմունքի հրամանատարը: Գնդապետը յայտնեց, որ առաջին յարձակումը կատարուած է երեքշաբթի առաւօտեան ժամը 2:30-ին, Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանին դէմ, որմէ երկու ժամ ետք, կատարուած է երկրորդ յանցագործութիւնը` Ֆերահեան վարժարանին դէմ: Ոստիկանութիւնը բծախնդրութեամբ կ՛ուսումնասիրէ ձեռք ձգած տեսերիզները` բացայայտելու համար յանցագործը:
«Մենք իսկապէս յանձնառու ենք ապահովելու համար հայ համայնքի անվտանգութիւնը», յայտարարեց ոստիկանապետը` գնահատելով երկու դպրոցներու տնօրէնութեանց ձեռնհասութիւնը` տագնապը դիմագրաւելու ընթացքին:
Ասուլիսին ընթացքին ելոյթ ունեցաւ Լոս Անճելըսի քաղաքային դատախազ Մայք Ֆիւըր: Ան միանշանակօրէն դատապարտեց արարքը եւ գնահատեց դպրոցներու պատասխանատուները, որոնք յաջողած էին այս առիթով իրենց աշակերտներուն ճիշդ եւ ուսանելի պատգամ մը փոխանցել:
Ելոյթ ունեցաւ նաեւ Լոս Անճելըսի քաղաքային խորհուրդի անդամ Պապ Պլումընֆիլտ, որ կը ներկայացնէ Մարի Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանի շրջակայ տարածքի բնակչութիւնը:
Խօսք առին նաեւ Ֆերահեան վարժարանի տնօրէն Սօսի Շանլեան եւ Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանի տնօրէն Արփի Ավանեսեան: Ասուլիսին ներկայ էին նաեւ Արեւմտեան թեմի փոխառաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան, Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ ծուխի հովիւ Ռազմիկ Ա. քհնյ. Խաչատուրեան եւ Ազգային վարժարաններու խնամակալ մարմինի ատենապետ Լիզա Կապուտեան:
Ասուլիսը վարեց Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ Նորա Յովսէփեան:
«Մենք կ՛ուզենք, որ մարդիկ հասկնան անցեալի յանցագործութիւնը, եւ բոլորս կրնանք ունենալ լուսաւոր եւ երջանիկ ապագայ: Մենք յոյս ունինք, որ օր մը Թուրքիան պիտի հասկնայ, թէ ի՛նչ ըրած է իրենց կառավարութիւնը 100 տարի առաջ», ըսած է Յովսէփեան:
Ուսումնական օրուան աւարտին` «Ֆերահեան» հայկական դպրոցի աշակերտները դպրոցի բազրիքներուն եւ դարպասներուն փակցուցած են Հայաստանի դրօշը:
Նշենք, որ Լոս Անճելըսի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան գլխաւոր հիւպատոս Արմէն Բայբուրդեան եւս դատապարտած է հայկական դպրոցներուն դէմ կատարուած այս յարձակումը:
«Մշտական կապի մէջ եմ Լոս Անճելըսի քաղաքային իշխանութիւնների հետ` հետամուտ լինելով այս հարցին եւ ոստիկանութեան կողմից իրականացուող հետաքննութեանը: Մենք սատար ենք կանգնում լոսանճելըսահայ համայնքի դրսեւորած միասնական կեցուածքին այս հարցում», յայտարարած է գլխաւոր հիւպատոս Բայբուրդեան:



