Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստանի Նախագահը Պատրաստ Է Աջակցելու Ազգային Ժողովի Գործունէութեան

February 1, 2019
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ հանդիպում ունեցած է Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեանի հետ: Այս մասին կը յայտնեն նախագահի աշխատակազմի հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն:

Նախագահ Սարգսեան անգամ մը եւս շնորհաւորած է խորհրդարանի ղեկավարը 7-րդ գումարման Ազգային ժողովի աշխատանքներու  մեկնարկին առիթով` համոզում յայտնելով, որ Ազգային ժողովը բոլոր ջանքերը պիտի գործադրէ` նպաստելու երկրի յառաջընթացին:

Համակարծիք ըլլալով, որ խորհրդարանական կառավարման համակարգի պայմաններուն մէջ Ազգային ժողովին բաւական ծաւալուն աշխատանք կը սպասէ, զրուցակիցները կարեւոր նկատած են  խորհրդարանի աշխուժ գործունէութիւնը ինչպէս օրինաստեղծ, նոյնպէս ալ խորհրդարանական դիւանագիտութեան ասպարէզներուն մէջ:

Շնորհակալութիւն յայտնելով հանդիպումին համար` Արարատ Միրզոյեան նշած է, որ Ազգային ժողովը նոր քաղաքական մշակոյթի ձեւաւորման, երկխօսութեան եւ միացեալ աշխատանքի կարեւոր հարթակ է, եւ յոյսով է, որ խորհրդարանական բոլոր ուժերը անիկա  առաւելագոյնս արդիւնաւէտ կ՛օգտագործեն` ի շահ նոր Հայաստանի ու ժողովուրդին:

Նախագահ Արմէն Սարգսեան պատրաստակամութիւն յայտնած է իր լիազօրութիւններու սահմաններուն մէջ համագործակցելու խորհրդարանին հետ եւ աջակցելու օրէնսդիր մարմինի գործունէութեան:

Նախորդը

Ամերիկայի Հայ Համայնքը Միասնաբար Կը Դատապարտէ Հայկական Դպրոցներուն Դէմ Կատարուած Անարգ Յարձակումը

Յաջորդը

Նիկոլ Փաշինեան. «Ինչո՞ւ Ոեւէ Մէկը Ազրպէյճանին Չի Հարցներ` Անոնք Փոխզիջումներու Պատրա՞ստ Են, Թէ՞ Ոչ»

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ապահովական Գործիքակազմի Բացը Հարաւային Լիբանանի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ապահովական Գործիքակազմի Բացը Հարաւային Լիբանանի Մէջ

October 22, 2026
Օսլոյի Ժողովէն Ետք.  Ս. Փեթերսպուրկի Մէջ  Ուիթքոֆ-Փութին Հանդիպում
Գլխաւոր լուրեր

Օսլոյի Ժողովէն Ետք. Ս. Փեթերսպուրկի Մէջ Ուիթքոֆ-Փութին Հանդիպում

October 22, 2026
ՔՈՓ17-ի Խորհրդաժողովին Կը Խօսուի  Բնիկ Ժողովուրդներու Իրաւունքներուն Մասին,  Սակայն Արցախն Ու Արցախցիները Կը Բացակային
Գլխաւոր լուրեր

ՔՈՓ17-ի Խորհրդաժողովին Կը Խօսուի Բնիկ Ժողովուրդներու Իրաւունքներուն Մասին, Սակայն Արցախն Ու Արցախցիները Կը Բացակային

October 22, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.