Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Քրտական Խաղաթուղթը` Թուրքիոյ Խորհրդարանին Մէջ

January 31, 2019
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ մէջ կը շարունակուի Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան երեսփոխանները անձեռնմխելիութենէ զրկելու գործընթացը:

Յառաջիկային եւս 9 միջնորդութիւն կը ներկայացուի Թուրքիոյ խորհրդարանի սահմանադրական եւ արդարադատութեան միացեալ յանձնախումբին, որպէսզի քրտամէտ կուսակցութեան 8 երեսփոխաններ միանուագ զրկուին պատգամաւորական անձեռնմխելիութենէ:

Նախապէս նման միջնորդութիւն ներկայացուած էր Թուրքիոյ խորհրդարան` Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան հայ երեսփոխան Կարօ Փայլանի դէմ:

Այս կը նշանակէ, որ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան գրեթէ ամբողջ խորհրդարանական խմբակցութեան դէմ խորհրդարանէ արտաքսումի վճիռ կը նախապատրաստուի:

Այս առաջադրանքը, որ Անգարան փուլ առ փուլ կը ջանայ կիրարկել, իբրեւ մտահոգութեան առանցք ունի անշուշտ քրտական քաղաքական գործօնի չէզոքացումը: Եթէ զինուորական գետնի վրայ չէզոքացման գործողութիւններ կը կատարուին սուրիական, իրաքեան եւ թրքական տարածքներու վրայ, ապա խորհրդարանին մէջ քրտական իրաւաքաղաքական ազդակի վերացման համազօր միջնորդութիւն է կատարուածը:

Անգարայի համար քրտական մղձաւանջը կը շարունակէ մնալ առաջնահերթ օրակարգ: Խորհրդարանը ապաքրտականացնելը կտրուկ միջամտութիւններով չի կատարուիր սակայն: Այլապէս, այսօր էրտողանական մենիշխանութիւնը կրնար արագօրէն յաջողցնել առաջադրանքը:

Հաշուի կ՛առնուին բնականաբար եւրոպական արձագանգները` տրուած ըլլալով, որ ժողովրդավարական անուանումը ունի կուսակցութիւնը, նման քայլի դիմելու պարագային ուղղակի հակաժողովրդավար բնութագրումը եւ թրքական հայեցակէտէ` հաւանական շահարկումը արտաքին քաղաքական կեդրոններու կողմէ. կամ որքան ալ որ յայտարարողական մակարդակի վրայ լարուած պարանաձգութիւններու շրջանակին մէջ հնչեն իրար մեղադրող տեսակէտներ, այսուհանդերձ կամուրջները Եւրոպայի հետ կանգուն պահելու երկկողմանի մօտեցումները:

Միջնորդութիւնը կրնայ չբաւարարուիլ որոշ ատեն մը եւ հարցը շարունակէ դամոկլեան սուրի կարգավիճակով ճօճուիլ` իբրեւ քաղաքական սպառնալիք այս կուսակցութեան պետական գործիչներուն դէմ:

Ազգայնականներու, իսլամականներու ընտրաքաղաքական դաշինքը այսօր Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ ընդդիմադիր հատուածի ըստ էութեան կայացման որեւէ իրական հիմք չէ ձգած: Հանրապետականներու երկրորդ կարգ մղուիլն ու Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան ցած համեմատութիւն ապահովելը միակուսակցականութեան եւ այդ դաշտին մէջ աւելի ճիշդը մենիշխանութեան թողած են ամբողջ երկրի կառավարումը: Դասական իմաստով ազգայնական զինուորականութեամբ յատկանշուած խորքային պետութիւնն ու էրտողանականութիւնը այսօր նոյնացած են իրենց գաղափարախօսութեամբ եւ քաղաքական առաջադրանքներով:

Հաշուարկը սակայն, կտրուկ քայլերու չդիմելու եւ խորհրդարանէն անմիջապէս  չարտաքսելու (որուն յաջորդ քայլը քրէական պատասխանատուութեան ենթարկելն է) քրտամէտ կուսակցութեան անդամները, որոշ չափով համընթաց է` զինուորական գետնի վրայ արձանագրուած թրքական ուշացող ներխուժումին սուրիական տարածքներ: Ներխուժում կը յայտարարուի, թրքական պաշտօնական լրահոսը ժամերու հարց կը  նկատէ թրքական զօրքերու երեւումը Սուրիա, մինչ փոխան յայտարարուածին համաձայնեցուած սահմանափակ գործողութիւններ տեղի կ՛ունենան թրքական ջոկատներու մասնակցութեամբ այդ տարածքներուն վրայ:

Քաղաքական իմաստով սպառնական միջնորդութիւններ, քննարկումներու յետաձգումներ, երբեմն առկախումներ: Փաստը այն է, որ ցարդ խորհրդարանի օրակարգ չէ եկած խորհրդարանական անձեռնմխելիութեան հարցը:

Զինուորական անկաշկանդ յառաջխաղացքի կասեցման եւ ուղղակիօրէն քիւրտերը չհարուածելու կարմիր լոյսեր վառուած էին Ուաշինկթընի կողմէ, որմէ ետք սկսած էր յետաձգուիլ եւ առկախուիլ Անգարայի առաջադրած անվտանգութեան գօտիի ստեղծումը եւ այդ գօտիի հարթեցման համար տարածքներու ամբողջական քրտազերծման զինուորական ծրագիրը:

Հիմա կը թուի, որ պիտի ձգձգուի նաեւ խորհրդարանի քրտազերծման այս առաջադրանքի կիրարկումը, հերթական խաղաթուղթի վերածելով քրտական գործօնը, որոշ պայմաններու մէջ զինուորական առումով, այլ պայմաններու` քաղաքական:

«Ա.»

Նախորդը

Վարչապետ Փաշինեան. «Մենք Չենք Կրնար Նոյնիսկ Քննարկել «Տարածքներ Խաղաղութեան Դիմաց» Բանաձեւը

Յաջորդը

Ըստ Մատուրոյի. Թրամփ Քոլոմպիոյ Կառավարութեան Հրամայած Է Ահաբեկել Զինք

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.