
Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարութենէն աղբիւր մը ԱՖՓ լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ «Եգիպտոսի մէջ Իսրայէլի նոր դեսպան Եաքով Ամիթայ երկուշաբթի օր իր գործին վայրը պիտի մեկնի»:
Ամիթայ կը փոխարինէ նախկին դեսպան Իսհաք Լիվանոնը, որ Եգիպտոսէն հեռացած էր 10 սեպտեմբերին` Գահիրէի իսրայէլեան դեսպանատան դէմ տասնեակներով ցուցարարներու կատարած յարձակումէն ետք:
Աղբիւրը կը նշէ, որ այս նշանակումը վերջին դէպքերուն հետ կապ չունի եւ Ամիթայ 10 ամիս առաջ արդէն Լիվանոնը փոխարինելու նշանակուած էր: «Ամիթայ իր հաւատարմագիրները պիտի յանձնէ առայժմ չճշդուած ժամադրութեան մը ատեն», ըսած է աղբիւրը:


