24 յունուարին Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ Րաֆֆի Համբարեան Արցախի Հանրապետութեան մայրաքաղաք Ստեփանակերտի մէջ արձանագրուած տեսագրութեամբ մը կոչ ուղղեց` միանալու Արցախի տագնապի լուծման համար առաջադրուած Մատրիտեան սկզբունքները մերժելու Հայ դատի յանձնախումբին նախաձեռնած արշաւին` միայն խաղաղութեան խոստումներու փոխարէն հողային զիջումներ կատարելու առաջարկը անպատասխանատու եւ վտանգաւոր որակելով:
Արշաւին մասնակցութիւն բերելու համար այցելել anca.org/madrid կայքը:



