Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անդրադառնալով Ժողովուրդները Խաղաղութեան Նախապատրաստելու Կոչին. «Արցախի Հարցին Մէջ Եղէ՛ք Լաւատես, Սակայն Նախապատրաստուեցէք Յոռեգոյնին» Կ՛ըսէ Համբարեան

January 25, 2019
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան Դիմատետրի պաշտօնական իր էջին վրայ գրառում կատարած է Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման բանակցային հոլովոյթի ծիրին մէջ վերջերս հնչած այն տեսակէտին մասին, թէ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ժողովուրդները պէտք է «նախապատրաստել խաղաղութեան»:

Ան նկատել տուած է, որ ճշգրիտ գնահատական տալու համար հանրութիւնը հոլովոյթի թափանցիկութեան կարիք ունի: Ըստ անոր, առանց թափանցիկութեան այդպիսի կոչեր նման են հետեւեալին` դուն կրնաս ինծի վստահիլ, սակայն պարտադիր չէ, որ ամէն ինչ գիտնաս:

«Տագնապի լուծման ներկայ փուլին մասին յստակ պատկերացում կազմելու համար պէտք է նախ ստանալ պատասխանները հետեւեալ հարցումներուն.

– արդեօք «Մատրիտեան սկզբունքներ»-ը հի՞մք են ընթացիկ բանակցութիւններուն համար.
– ո՞րն է քննարկուող համաձայնագիրի ուրուագիծը.
– ի՞նչ դերակատարութիւն պիտի ունենայ Արցախը այս հոլովոյթին մէջ.
– արդեօք Ալիեւ հրաժարա՞ծ է իր` «Երբեք Արցախ» դիրքորոշումէն.
– գործարքի ո՞ր տարրերը առաջնային են, եւ որո՞նք երկրորդ կարգի դասուածները.
– ի՞նչ է երկրորդ կարգի դասուած յանձնառութիւններու իրականացման տեսլականը.
– ի՞նչ երաշխիքներ կրնան առաջարկուիլ նախայարձակման չվերսկսելու համար.
– որո՞նք են խաղաղապահներուն վերաբերեալ իրական սպասումները,
– հաստատման պարագային ինչպէ՞ս կեանքի պիտի կոչուի համաձայնագիրը կարճաժամկէտ, միջնաժամկէտ եւ երկարաժամկէտ հեռանկարի մէջ:

«Օրինակ, եթէ Արցախը տարածք յանձնէ, արդեօք Ազրպէյճան ազնիւ պիտի գտնուի՞ եւ պիտի կատարէ՞ Արցախի ապագայ կարգավիճակին վերաբերեալ իր յանձնառութիւնները: Կամ արդեօք Ազրպէյճան այդ զիջումը իբրեւ թուլութեան նշա՞ն պիտի ընկալէ եւ տարածքային նոր յաւակնութիւննե՞ր պիտի ներկայացնէ, մինչեւ որ Արցախը ամբողջութեամբ, հայերով կամ առանց անոնց, յայտնուի Պաքուի վերահսկողութեան տակ», գրած է Համբարեան:

Ան խորհուրդ տուած է լաւատես ըլլալով հանդերձ հաշուի առնելու պատմութեան դասերն ու աշխարհագրական դիրքը եւ նախապատրաստուիլ յոռեգոյնին:

«Այժմ անխոհեմ մտածողութեան ժամանակը չէ», եզրակացուցած է Համբարեան:

 

 

 

Նախորդը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Ներկայացուցիչ, Երեսփոխան Բագրատունիի Եւ Նախարար Կիտանեանի Հանդիպումները Արցախի Մէջ

Յաջորդը

Արայիկ Յարութիւնեան. «Դաշնակցութեան Հետ Միասին Մեծ Անելիքներ Ունենք»

RelatedPosts

Սաղաթէլեան. «Պայքարը Շարունակելու Ենք  Մինչեւ Յաղթանակ»
Գլխաւոր լուրեր

Հակառակ Քաղաքական Ճնշումներուն` Դաշնակցութիւնը Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Զգալի Թիւով Քուէներ Ապահոված Է

October 28, 2026
Միրզոյեան Չի Բացառեր ԹՐԻՓՓ-ի  Գործարկումը` Նախքան Խաղաղութեան  Պայմանագիրին Ստորագրութիւնը
Հայկական

Միրզոյեան Չի Բացառեր ԹՐԻՓՓ-ի Գործարկումը` Նախքան Խաղաղութեան Պայմանագիրին Ստորագրութիւնը

October 28, 2026
Ալիեւ. «Մենք Հարաւային Կովկասի Մէջ  Բոլորովին Նոր Իրավիճակ Ստեղծած Ենք»
Հայկական

Ալիեւ. «Մենք Հարաւային Կովկասի Մէջ Բոլորովին Նոր Իրավիճակ Ստեղծած Ենք»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.