Հայաստանի Հանրապետութեան վերաքննիչ դատարանը որոշում տուած է բաւարարել Ազգային ժողովի նախկին պատգամաւոր, Երկրապահ կամաւորականներու միութեան նախկին նախագահ Մանուէլ Գրիգորեանը գրաւով ազատ արձակելու` առաջին ատեանի դատարանի որոշումին դէմ ընդհանուր դատախազութեան բողոքը:
Մանուէլ Գրիգորեանը տեղափոխուած է «Երեւան կեդրոն» քրէակատարողական հիմնարկ: