Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԱՇԽԱՏԱՒՈՐՆԵՐԸ ԿԸ ՄԵՐԺԵՆ ԱՇԽԱՏԱՎԱՐՁԻ ՅԱՒԵԼՄԱՆ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ՈՐՈՇՈՒՄԸ

December 10, 2011
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Անդրադառնալով աշխատավարձի յաւելումներուն հարցին` աշխատանքի նախարար Շարպել Նահհաս նշեց, որ Պետական շուրայի խորհուրդին կողմէ` կառավարութեան տուած որոշումին մերժումը չէ բացառուած, որովհետեւ այդ որոշումը նոյն թերութիւնները կը պարունակէ:

Նահհաս շեշտեց, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումին նպատակն է լիբանանցի ժողովուրդին պահանջները գոհացնել, ինչպէս նաեւ երաշխաւորել լիբանանցի երիտասարդներուն արտագաղթի արգիլումը:

Պենզինի եւ մազութի սակերու բարձրացումին առումով Նահհաս յայտնեց, որ ամէն ջանք ի գործ կը դրուի այդ հարցերուն յարմար լուծումներ գտնելու:

Իր կարգին վարչական բարեկարգումի պետական նախարար Մոհամետ Ֆընէյշ յայտնեց, որ իրենք կը զօրակցին աշխատանքի նախարարին ներկայացուցած աշխատավարձի յաւելման ծրագիրին` աւելցնելով սակայն, որ այդ ծրագիրը յաւելեալ քննարկումի եւ խորհրդակցութեան կարիք ունի:

Միւս կողմէ, Երկրորդական վարժարաններու ուսուցիչներու լիկայի նախագահ Հաննա Ղարիպ նշեց, որ կառավարութեան որոշումը անարդար է` աւելցնելով, որ աշխատանքի նախարարին ներկայացուցած ծրագիրը աշխատավարձերը սրբագրելու իմաստով ընդունելի լուծում կը նկատուի:

Ցամաքային փոխադրութեան մարզի վարորդներու համադաշնակցութեան նախագահ Պասսամ Թլայս հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշեց, որ կառավարութեան ճշդած աշխատավարձի յաւելումը ժողովուրդին ապրուստի պահանջները չի գոհացներ եւ ոչ ալ երկրին մէջ տիրող սղաճին հետ կը համեմատուի:

Նշենք, որ Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան նախագահ Ղասսան Ղոսըն, նախագահելէ ետք համադաշնակցութեան նիստին, յայտնեց, որ համադաշնակցութիւնը կը մերժէ կառավարութեան վաւերացուցած աշխատավարձի յաւելումը` զայն նկատելով աշխատաւորներուն նկատմամբ վարկաբեկիչ վերաբերում:

Ղոսըն ընդգծեց, որ եթէ աշխատավարձերը սրբագրելու առումով լուծում մը կարելի չըլլայ գոյացնել` գործադուլ պիտի կատարուի:

Ան դիտել տուաւ, որ իրենք գործադուլի թուական նախատեսած են յառաջիկայ 25-31 դեկտեմբերի միջեւ երկարող ժամանակաշրջանը, որպէսզի պատասխանատուներուն տօնական հրճուանքը խանգարեն:

 

Նախորդը

«ԱԶԴԱԿ»-Ի ՖՈՆՏԻՆ

Յաջորդը

ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ՆԻՍՏԻՆ ԸՆԹԱՑՔԻՆ` «ՖԻՆԻՒԼ-Ի ԴԷՄ ԳՈՐԾՈՒԱԾ ՊԱՅԹՈՒՄԸ ՊԻՏԻ ՉԱԶԴԷ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ ԹԱՓԻՆ ՎՐԱՅ» ԿԸ ՇԵՇՏԷ ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՄԻՔԱԹԻ

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.