Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ «Արապիա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին անդրադարձաւ Իրանին, ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարին եւ Միջին Արեւելքի կայունութեան:
Փոմփէօ առանձնացուց Միջին Արեւելքի մէջ Միացեալ Նահանգներու համար գլխաւոր երեք առաջնահերթութիւնները` Իրանի դէմ պայքարը, ՏԱՀԵՇ-ի ջախջախումն ու շրջանային կայունութեան ապահովումը:
Ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը նշեց, որ «աշխարհի վրայ ահաբեկչութեան գլխաւոր հովանաւորի»` Իրանի իսլամական հանրապետութեան ներկայացուցած սպառնալիքին դէմ պայքարը Ուաշինկթընի համար կարեւորագոյն առաջնահերթութիւններէն է:
«Այս մասին ըսած է նաեւ նախագահ Թրամփ: Մենք հաստատակամ ենք այդ հարցին մէջ եւ մենք ատիկա պիտի ընենք շրջանին մէջ մեր գործընկերներուն հետ: Ասիկա առաքելութիւն մըն է, որ կ՛իրագործուի յանուն աշխարհի», նշեց Փոմփէօ:
Բացի ատկէ, ան աւելցուց, որ Իրանը Հըզպալլային, Իրաքի շիի զինեալներուն եւ Եմէնի մէջ հուսիներուն աջակցելով կը հակասէ ժողովրդավարական սկզբունքներուն:
Յիշեցնենք, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ նախապէս Իրանը կոչած էր «աշխարհի թիւ մէկ ահաբեկչական պետութիւն», վերականգնած էր իսլամական հանրապետութեան դէմ նախապէս ջնջուած պատժամիջոցները եւ նոյնիսկ սպառնացած զինուորական հարուածով: