Պաղեստինի ազատագրութեան կազմակերպութեան (ՊԱԿ) գործադիր կոմիտէի անդամ Ազզամ Ահմետ նշեց. «Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասի Սուրիա այցելութիւնը հաւանաբար որեւէ պահու տեղի ունենայ: Ես այսօր յայտարարուած այցելութեամբ կը գտնուիմ Դամասկոս, եւ գաղտնիք չէ, թէ քանի մը օր առաջ ուրիշ մը ինձմէ առաջ չյայտարարուած այցելութիւններ կատարեց: (Ապպասի) այցելութիւնը հաւանական է, եւ կը կարծեմ, թէ Աստուծոյ կամքով մօտալուտ պիտի ըլլայ»:
Ազզամ Ահմետ Դամասկոսի մէջ Պաղեստինեան ձայնասփիւռի եւ պատկերասփիւռի խորհուրդի բացման հանդիսութեան ծիրին մէջ սուրիական «Ուաթան» օրաթերթին յայտնեց, թէ Սուրիան ոտքի կը կանգնի, եւ անոր ընտրանքները կը շարունակեն յստակ մնալ, իսկ կողմնորոշումը կը շարունակէ դէպի Պաղեստին ըլլալ, ինչ որ իր անդրադարձը պիտի ունենայ ո՛չ միայն Պաղեստինեան դատին, այլ նաեւ` ամբողջ շրջանին վրայ:
ՊԱԿ-ի գործադիր կոմիտէի անդամը յայտնեց, որ «Պաղեստին» պատկերասփիւռի կայանը Պաղեստինի ձայնը պիտի ըլլայ Սուրիոյ մէջ, Սուրիոյ ձայնը Պաղեստինի մէջ եւ արաբ ազգի ձայնը: