Ժապհաթ Նուսրայի ղեկավար Ապու Մոհամետ Ժուլանի յայտնեց, որ կը զօրակցի Եփրատի արեւելեան ափի շրջաններուն տիրելու Թուրքիոյ ուղղուածութեան:
«Քրտական աշխատաւորական կուսակցութիւնը յեղափոխութեան թշնամի է եւ կը գրաւէ շրջաններ, ուր կը բնակին մեծաթիւ սիւննի արաբներ: Այդ կուսակցութիւնը վերացնելու անհրաժեշտութիւնը կը տեսնենք», յայտարարեց Ժուլանի:
Ժապհաթ Նուսրայի ղեկավարը յայտնեց. «Ռուս եւ իրանցի թշնամիները կարիքը չունին շրջանէ շրջան մուտք գործելու: Տարաան, Ղութան եւ Հոմսի գիւղական շրջանները Ժապհաթ Նուսրայի վերահսկողութեան տակ չէին, այլ չափաւորական խմբաւորումներուն»:
«Մենք սուրիական յեղափոխութեան մէկ մասն ենք եւ չենք ուզեր մարդոց վիզին բռնանալ, այլ Աստուծոյ շարիային տակ ճիշդ ուղղուածութիւնն է, որ մեզ կը հետաքրքրէ», նշեց Ժուլանի: