Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան-Իվ Լը Տրիան յայտնեց, որ իր երկրին առաջնահերթութիւնը ՏԱՀԵՇ-ի ոչնչացումն է եւ շրջանին մէջ կայունութեան հաստատումը:
Ան Յորդանանի արտաքին գործոց նախարար Այման Սաֆատիի հետ տրուած միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին շեշտեց, որ իր երկիրը յանձնառու կը մնայ սուրիական տագնապի քաղաքական լուծման:
Ֆրանսական դիւանագիտութեան պետը յայտնեց. «Կը կարծեմ բացատրեցի Սուրիոյ մէջ խաղաղութեան նախապայմանները, որոնք կը ստիպեն թափանցիկ ընտրութիւն կատարել, իսկ եթէ նախագահ Պաշշար Ասատ թեկնածու է, ապա թեկնածու է»:
«Սուրիացի ժողովուրդը ի՛նք կը ճշդէ իր ապագան, սակայն ատիկա կրնայ իրագործել միայն բոլորին կողմէ վաւերացուած խաղաղութեան հոլովոյթի եւ ներկայ սահմանադրութեան բարեփոխման վրայ հիմնուած ընտրական հոլովոյթի ծիրին մէջ», աւելցուց ան:
Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարին կարծիքով` բոլոր սուրիացիները պէտք է կարենան քուէարկել: «Ատիկա պէտք է նաեւ ներառէ գաղթականներն ու ապաստանեալները», շեշտեց Լը Տրիան: