Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հէյլ Հասաւ Լիբանան` Մտահոգութիւն Յայտնելու Հըզպալլայի Գործունէութեան Մասին

January 14, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի քաղաքական հարցերու օգնական Տէյվիտ Հէյլ շաբաթ օր պաշտօնական այցելութեամբ մը հասաւ Լիբանան:

Ըստ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան հրապարակած հաղորդագրութեան, Հէյլ Լիբանան այցելած է հանդիպումներ ունենալու քաղաքական բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ` քննարկելու երկկողմանի յարաբերութիւնները եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ մտահոգութիւն յայտնելու Լիբանանի եւ շրջանի ապահովական կայունութիւնը խախտող Հըզպալլայի գործունէութեան մասին, յատկապէս նկատի ունենալով անոր պատրաստած գետնափոր փապուղիները, որոնք Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին դէմ մարտահրաւէր կը նկատուին եւ լիբանանցիներուն անվտանգութեան կը սպառնան:

Այս շրջագիծին մէջ Հէյլ, ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Էլիզապեթ Ռիչըրտի, շաբաթ գիշեր այցելեց Քլեմանսօ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթի եւ անոր զաւկին` երեսփոխան Թայմուր Ժոմպլաթի հետ:

Հէյլ երէկ այցելեց լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի եւ շրջանի իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկու երկիրներու բանակներուն միջեւ յարաբերութիւնները, յատկապէս` լիբանանեան բանակին տրամադրուած ամերիկեան զինուորական օժանդակութիւնները:

Հէյլ այցելեց Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմի, որուն հետ քննարկեց հարաւային Լիբանանի սահմանային շրջանին մէջ տիրող լարուածութիւնը` Իսրայէլի կառուցած քարաշէն պատնէշին վերաբերեալ, ինչպէս նաեւ Լիբանանի եւ Իսրայէլի ծովային սահմանագծումին առնչուող հարցեր:

Հէյլ եւ Իպրահիմ քննարկեցին նաեւ շրջանային զարգացումները:

Իսրայէլեան Ուժերուն Համաձայն` Բացայայտուած Է Գետնափոր Այլ Փապուղի Մը

Նշենք, որ տարօրինակ զուգադիպութեամբ մը իսրայէլեան կողմը բացայայտեց հարաւային Լիբանանէն բռնագրաւուած Պաղեստին երկարող գետնափոր այլ փապուղի մը:

Այսպէս, Հէյլի Պէյրութ հասած օրն իսկ` շաբաթ, 12 յունուար 2019-ին իսրայէլեան ուժերու բանբեր Աֆիխայ Ատրաայի յայտնեց, որ իսրայէլեան ուժերը Ռամիա գիւղաքաղաքէն սկսած գետնափոր այլ փապուղի մը բացայայտած են:

Ան նշեց, որ իսրայէլեան ուժերը «Հիւսիսի վահան» զինուորական գործողութեան շրջագիծին մէջ յաջողած են Իսրայէլի դէմ յարձակման նպատակներով օգտագործուող բոլոր փապուղիները բացայայտել եւ Իսրայէլի քաղաքացիներուն անվտանգութեան դէմ սպառնալիքին վերջ մը տալ:

Աւելի ուշ, իսրայէլեան ուժերու սպայակոյտի պետ Կատի Այզընքոթ շեշտեց, որ հիւսիսային Իսրայէլի բնակիչները առանց մտահոգութեան կրնան քնանալ, որովհետեւ Հըզպալլայի պատրաստած գետնափոր բոլոր փապուղիները բացայայտուած եւ քանդուած են:

Նախորդը

Լիբանանի Տարբեր Շրջաններուն Մէջ Բողոքի Ցոյցեր` Ընդդէմ Փտածութեան Եւ Տիրող Տնտեսական Կացութեան

Յաջորդը

Պաապտայի Մէջ. Նախագահ Աուն Նախագահեց Ելեւմտական Բնոյթի Նիստի Մը

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.