Տեղեկատուութեան նախարար Մըլհեմ Ռիաշի երէկ պաշտօնական այցելութեամբ ուղղուեցաւ Քուէյթ, ուր դիմաւորուեցաւ «Ախպար Արապ» եւ «Շահետ» պատկերասփիւռի կայաններու, ինչպէս նաեւ «Շահետ» օրաթերթի ընդհանուր տնօրէնի զաւկին` շէյխ Մոհամետ Սապահի, Քուէյթի մէջ լիբանանեան դեսպանատան գործավար Նիսրին Ապու Քարամի եւ այլ պատասխանատուներու կողմէ:
Ապա Ռիաշի հանդիպում մը ունեցաւ «Ախպար Արապ» եւ «Շահետ» պատկերասփիւռի կայաններու, ինչպէս նաեւ «Շահետ» օրաթերթի ընդհանուր տնօրէն շէյխ Սապահ Մոհամետ Սապահի հետ` ներկայութեամբ օրաթերթի խմբագրապետ Հիշամ Տիուանի եւ պատկերասփիւռի կայաններու պատասխանատուներուն, ինչպէս նաեւ լիբանանեան պատուիրակութեան:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի եւ Քուէյթի միջեւ տեղեկատուական մարզի գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները:
Նշենք, որ Ռիաշիի ընկերակցող լիբանանեան պատուիրակութեան մաս կազմեցին տեղեկատուութեան նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Հասսան Ֆալհա, Ազգային լրատու գործակալութեան տնօրէն Լոր Սլէյման, Լիբանանի պետական պատկերասփիւռի կայանին վերաբերեալ նախարարի խորհրդատու Անթուան Իտ եւ նախարարի ընդհանուր քարտուղար Օուատ Թապեթ: