Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մարիա Զախարովա. «Մենք Միշտ Կողմ Ենք, Որ Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապը Ըստ Կարելւոյն Շուտ Լուծուի»

January 12, 2019
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Ղարաբաղեան տագնապի լուծման հարցով Ռուսիան ժամանակի  սահմանափակումներ չի դներ: Եթէ այդուհանդերձ խօսինք ժամանակի մասին, մենք միշտ կողմ ենք, որ տագնապը ըստ կարելւոյն շուտ լուծուի: Ցաւօք, ասիկա երկարատեւ հարց է: Ինչ որ կախեալ ըլլայ  Ռուսիայէն, իբրեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ երկիր, եւ երկիր մը, որ ընդհանուր պատմութիւն ունի թէ՛ Ազրպէյճանի եւ թէ՛ Հայաստանի հետ, Ռուսիան պիտի կատարէ», այս տարի հրաւիրուած առաջին մամլոյ  ասուլիսին պատասխանելով հարցումին, թէ Ռուսիան ինչպէ՞ս կը պատկերացնէ ղարաբաղեան տագնապի լուծումը 2019 թուականին` ըսած է երկրի արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովան:

Զախարովան ըսած է նաեւ, որ որեւէ տեղեկութիւն չունի Ռուսիոյ նախաձեռնութեամբ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումներ կազմակերպելու վերաբերեալ:

Տմիթրի Մետվետեւի նախագահութեան տարիներուն Ռուսիան աշխուժօրէն կը միջնորդէր Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի թէ՛ արտաքին գործոց նախարարներու եւ թէ՛ նախագահներու հանդիպումները  կազմակերպելու հարցով: Նախագահներու շուրջ տասը հանդիպում  կազմակերպուած էր: Ռուսիոյ այս նախաձեռնութիւնը, սակայն, տապալուած էր 2011-ին` Քազանի մէջ:

Ասուլիսին ընթացքին Զախարովան անդրադարձաւ նաեւ Ազրպէյճանէն  պարբերաբար արտաքսուող ազգութեամբ հայ Ռուսիոյ քաղաքացիներու  հարցին` յայտարարելով, թէ Ազրպէյճանէն հայերը արտաքսելը մարդու իրաւունքներու կոպիտ խախտում է, եւ ատիկա չ՛արտացոլեր Ռուսիոյ եւ Ազրպէյճանի միջեւ առկայ բարեկամական յարաբերութիւններու ոգին:

 

Նախորդը

Յատուկ Քննչական Ծառայութիւնը Ռոպերթ Քոչարեանի Կալանքը Եւս Երկու Ամիսով Երկարաձգելու Միջնորդութիւն Ներկայացուցած Է

Յաջորդը

Ալիեւ. «Ազրպէյճան Պիտի Շարունակէ Աշխատիլ` Հասնելու Իր Տարածքային Ամբողջականութեան Վերականգնման»

RelatedPosts

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի  Աջակցութիւնը Վայելող Թեկնածուները Համոզիչ  Յաղթանակներ Արձանագրեցին
Հայկական

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Աջակցութիւնը Վայելող Թեկնածուները Համոզիչ Յաղթանակներ Արձանագրեցին

November 6, 2026
Ընդդիմադիր Ուժերը Կը Յայտարարեն  Համազգային Համախմբման Ձեւաւորումը
Գլխաւոր լուրեր

Ընդդիմադիր Ուժերը Կը Յայտարարեն Համազգային Համախմբման Ձեւաւորումը

November 6, 2026
Սամուէլ Կարապետեան Դարձեալ Ձերբակալուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Սամուէլ Կարապետեան Դարձեալ Ձերբակալուեցաւ

November 5, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.