Յատուկ քննչական ծառայութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի կալանքը եւս երկու ամիսով երկարաձգելու միջնորդութիւն ներկայացուցած է Երեւան քաղաքի ընդհանուր իրաւասութեան դատարան: «Արմէնփրես»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին այս մասին ըսաւ Յատուկ քննչական ծառայութեան մամլոյ բանբեր Մարինէ Օհանջանեանը:
«Յատուկ քննչական ծառայութիւնը Ռոպերթ Քոչարեանի կալանքը եւս երկու ամիսով երկարաձգելու միջնորդութիւն ներկայացուցած է», ըսաւ ան:
Քոչարեանի Պաշտպանական Խումբը Միջնորդութիւն Ներկայացուցած Է Յատուկ Քննչական Ծառայութեան Քրէական Հետապնդումը Դադրեցնելու Մասին
Հայաստանի Հանրապետութեան երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի պաշտպանական խումբին կողմէ նախօրէին ներկայացուած է հերթական միջնորդութիւնը:
Քոչարեանի պաշտպանական խումբը հաղորդագրութեամբ մը կը տեղեկացնէ, թէ 9 յունուարին Քոչարեանի պաշտպաններուն կողմէ Յատուկ քննչական ծառայութեան քննիչին ներկայացուած է միջնորդութիւն` քրէական հետապնդումը դադրեցնելու մասին` հաշուի առնելով, որ չի կրնար կիրարկուիլ Հայաստանի Հանրապետութեան քրէական օրէնսգիրքի 300.1-րդ յօդուածը:



