ՔՐԻՍՏԱՓՈՐ ԻՍԿԷՆՏԷՐԵԱՆ
Քանի մը օր առաջ Լիբանան այցելեց «Նորմա» փոթորիկը… փոթորիկ մը, որ ճերմակով պարուրեց լիբանանեան բոլոր գիւղերը ու ծարաւը յագեցուց լիբանանեան վտանգուած բազմադարեան մայրիին… փոթորիկ մը, որ ողողեց ճամբաները իր յորդառատ անձրեւներով, ու լիբանանցի ժողովուրդին ուշադրութիւնը քանի մը օր շեղեց կառավարութեան կազմութեան հիմնահարցէն, որ վերածուած է թնճուկի մը: Սակա՜յն… աւելի կարեւորը, ան ի յայտ բերաւ բազմազան խնդիրներ, որոնցմէ են` օրինազանցութիւնը, կաշառակերութիւնն ու չարաշահութիւնը:
Կառավարութեան հանգոյցը, ըստ երեւոյթին, դարձած է գորդեան հանգոյց… սակայն կ՛արժէ յիշեցնել, որ Աղեքսանդր Մակեդոնացին, «Գորդիոսի հանգոյց»-ը լուծեց սուրի մէկ հարուածով եւ դարձաւ Ասիոյ տիրակալը:
Ինչ կը վերաբերի «Նորմա» փոթորիկին, ան եղաւ խիզախ, յանդուգն, անկեղծ ու ճշմարիտ հիւր մը, որ բնութեան ճամբով բացայայտեց բաւական հսկայ «ճարպիկութիւններ»: Լիբանանի գետերը մի՛շտ կը յորդին, սակայն լիճեր չեն ստեղծեր` շէնքերը վերածելով արշիպեղագոսի: Շնորհիւ անոր ի յայտ եկաւ, թէ ոմանք նոյնիսկ խաղցած են գետերու հունին լայնքով եւ հոսանքին ուղղութեամբ: Ճամբաներ փուլ եկած են, արդեօք որո՞նք են այդ ճամբաներու վկայեալ ճարտարապետները եւ անոնց նեցուկ կանգնողները: Լիբանանեան ենթակառոյցի իրականութեան յայտնաբերումով, զանազան հարցումներու դուռ բացուեցաւ: Ան բացայայտեց նաեւ ծովեզերեայ հանրային կալուածի մը բռնազաւթման խնդիրը, որ անցեալ ամառ վերածուեցաւ անձնական կալուածի, եւ որուն համար օրին ժողովուրդը բողոքեց ու ճամբայ իջաւ, սակայն միայն «Նորմա» փոթորիկի ալիքներն էին, որոնք կրցան այս հարցին իրականութիւնը երեւան բերել:
Բարով եկար ու գացիր, սիրելի՛ «Նորմա»:
Հիւրընկալ Լիբանանն ու անոր ժողովուրդը գրկաբաց կը սպասեն շաբաթավերջին ժամանող նոր փոթորիկն ու անոր յաջորդները:
Բնութիւնը սանձելն ու կաշառելը անհնար է:



