Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Էտկար Մաալուֆի Մարմինը Յանձնուեցաւ Հողին

Յունուար 11, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախկին երեսփոխան Էտկար Մաալուֆի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը կատարուեցաւ երէկ կէսօրուան ժամը 12:00-ին, յոյն կաթողիկէ համայնքի Պէյրութի առաջնորդարանին մէջ` ներկայութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի, Առաջին տիկին Նատիա Աունի, հանրապետութեան նախկին նախագահ Ամին Ժեմայէլի, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի, մեծ թիւով նախարարներու եւ երեսփոխաններու, որոնց շարքին` ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, զինուորականներու,  պետական անձնաւորութիւններու եւ հարազատներու ու բարեկամներու հոծ բազմութեան:

Պաշտօնական եւ ժողովրդական յուղարկաւորութեան ընթացքին հաստատուեցաւ, որ Մաալուֆի մահը կորուստ է ո՛չ միայն անոր ընտանիքին, այլեւ` Լիբանանի համար, որովհետեւ ան իր անձով եղած է Լիբանանի սիւներէն մէկը:

Նշենք, որ Էտկար Մաալուֆ մահացած էր, 28 դեկտեմբեր 2018-ին, Զուիցերիոյ մէջ:

Անոր դիակը նախանցեալ երեկոյեան փոխադրուեցաւ Պէյրութ:

Մաալուֆ ծնած է 1934-ին, Պէյրութ: 1953-ին աւարտած է Սպայից վարժարանը եւ զինուորական իր ծառայութեան ընթացքին ստացած է աստիճանի բարձրացում` հասնելով մինչեւ հազարապետ-զօրավարի աստիճանին:

Վարած է շարք մը պաշտօններ, որոնց շարքին 1984-ի զինուորական խորհուրդի անդամակցութիւնը, իսկ 1988-1989 տարիներուն կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած է, երբ օրին բանակի հրամանատար զօր. Միշել Աուն ստանձնեց երկրին իշխանութիւնը եւ կազմեց փոխանցման կառավարութիւն: Այդ կառավարութեան մէջ Է. Մաալուֆ դարձաւ ելեւմուտքի, առողջապահութեան, ճարտարարուեստի, ուժանիւթի, հանրօգուտ շինութեանց, աշխատանքի եւ զբօսաշրջութեան նախարար:

1991-ի դէպքերէն ետք, զօր. Աունի եւ Իսամ Ապու Ժամրայի հետ ան մեկնած է Փարիզ:

Ան 2005-ին զօր. Աունի հետ վերադարձաւ Լիբանան եւ նոյն տարուան ընթացքին մասնակցելով երեսփոխանական ընտրութիւններուն դարձաւ Լեռնալիբանանի հիւսիսային Մեթնի երեսփոխան:

2009-ի երեսփոխանական ընտրութիւններուն ան վերընտրուեցաւ:

 

Նախորդը

Հարիրի Նախագահեց Ձիւնամրրիկին Պատճառած Վնասներուն Քննարկման Նախարարական Նիստին

Յաջորդը

Պաշտպանութեան Գերագոյն Խորհուրդը Հարաւային Լիբանանի Մէջ Իսրայէլեան Շինութիւնները Նկատեց Լիբանանեան Գերիշխանութեան Դէմ Գործուած Ոտնձգութիւն

RelatedPosts

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը  Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է  Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»
Գլխաւոր լուրեր

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»

Օգոստոս 19, 2025
Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան Ու Կայունութեան  Ո՛չ Ներդրում Կայ, Ո՛չ Ալ` Աճող Տնտեսութիւն»
Լիբանանեան

Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան Ու Կայունութեան Ո՛չ Ներդրում Կայ, Ո՛չ Ալ` Աճող Տնտեսութիւն»

Օգոստոս 19, 2025
Հաժ Հասան. «Ուաշինկթըն Մեզի Սպառնաց  Լիբանանը Պիլատ Շամին Կցելով, Եթէ Ամերիկեան  Փաստաթուղթը Չընդունինք»
Լիբանանեան

Հաժ Հասան. «Ուաշինկթըն Մեզի Սպառնաց Լիբանանը Պիլատ Շամին Կցելով, Եթէ Ամերիկեան Փաստաթուղթը Չընդունինք»

Օգոստոս 19, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?