Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ երեկոյեան նախագահական պալատին մէջ նախագահեց Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդի արտակարգ նիստին, որուն ներկայ գտնուեցան վարչապետ Սաատ Հարիրի, պաշտպանութեան նախարար Եագուպ Սարրաֆ, արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ, ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ, ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք, տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարար Ռաէտ Խուրի, արդարութեան նախարար Սելիմ Ժրայսաթի, բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն, Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ, Ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն գնդապետ-զօրավար Իմատ Օսման, պետական անվտանգութեան ընդհանուր տնօրէնի տեղակալ գնդապետ-զօրավար Սամիր Սանան, Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար հազարապետ-զօրավար Սաատալլա Համատ, բանակի գաղտնի սպասարկութեան տնօրէն գնդապետ-զօրավար Անթուան Մանսուր, Ընդհանուր ապահովութեան տեղեկահաւաքի բաժանմունքի նախագահ գնդապետ Մանահ Սաուայա, Ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքի նախագահ գնդապետ-զօրավար Խալետ Համմուտ, ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն եւ բանակին միջեւ գործունէութիւնը համադրող գնդապետ Ամին Ֆարհաթ, ինչպէս նաեւ գնդապետ- զօրավարներ Մունիր Մխալլալաթի, Սուհել Խուրի եւ Ռուլա Ֆարես:
Նիստին ներկայ գտնուեցան նաեւ հանրապետութեան նախագահութեան ընդհանուր տնօրէն Անթուան Շուքէյր եւ հանրապետութեան նախագահի զինուորական խորհրդատու գնդապետ-զօրավար Պուլոս Մաթար:
Նիստին ընթացքին քննարկուեցան հարաւային Լիբանանի սահմանամերձ շրջանին մէջ տիրող կացութիւնը, յատկապէս սահմանային Կապոյտ գիծին վրայ իսրայէլեան ուժերուն կողմէ քարէ պատնէշի վերակառուցումը:
Խորհուրդը հաստատեց, որ իսրայէլեան աշխատանքներուն վերսկսումը լիբանանեան գերիշխանութեան եւ ՄԱԿ-ին թիւ 1701 բանաձեւին դէմ գործուած ոտնձգութիւն է` հաստատելով, որ այդ ոտնձգութիւններուն դէմ դնելու իմաստով շարք մը որոշումներ տրուած են:
Խորհուրդին տուած որոշումներուն շարքին են հետեւեալ քայլերը.
1) ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին մօտ բողոքել,
2) Միջազգային հաղորդակցութիւնները աշխուժացնել` իսրայէլեան այս ոտնձգութիւններուն դէմ Լիբանանի կեցուածքը հաստատելու նպատակով,
3) Եռակողմանի արտակարգ նիստ մը պահանջել` քննարկելու համար զարգացումները,
4) Լիբանանեան բանակին ցուցմունքներ տալ` այդ ոտնձգութիւններուն դէմ դնելու ձեւերուն մասին,
5) Ընդգծել, որ Լիբանան կառչած կը մնայ իր հողերուն եւ ջրային տարածքներուն` ոչ մէկ թիզ զիջելով թշնամիին, այլեւ` պատրաստ է անոր հետ սահմանային տագնապին լուծումը շարունակելու,
6) ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդէն եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի հրամանատարութենէն կը խնդրուի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան եւ սահմանային կայունութեան պահպանումին իմաստով իր պատասխանատուութիւնները ստանձնել:
Նշենք, որ նախքան նիստին գումարումը, նախագահ Աուն դռնփակ հանդիպում մը ունեցաւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ:
Ռաս Նաքուրայի Մէջ Զինուորական Եռակողմանի Հանդիպում
Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ Ռաս Նաքուրայի մէջ, նախագահութեամբ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Սթեֆանօ Տել Քոլի եւ ներկայութեամբ լիբանանեան բանակէն խումբ մը սպաներու` գլխաւորութեամբ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն եւ բանակին միջեւ գործունէութիւնը համադրող գնդապետ Ամին Ֆարհաթի, երէկ կէսօրէ առաջ տեղի ունեցած է եռակողմանի զինուորական հանդիպում մը:
Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ լիբանանեան կողմը հաստատած է Լիբանանի կառչածութիւնը թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութեան, ինչպէս նաեւ բանակին եւ միջազգային խաղաղապահ ուժերուն միջեւ գործակցութեան:
Լիբանանեան բանակը հաստատեց, որ խստիւ կը դատապարտէ Իսրայէլի կողմէ գործուող ցամաքային, ծովային եւ օդային ոտնձգութիւնները, որոնք կը կատարուին նաեւ սահմանային Կապոյտ գիծին վրայ` սպառնալով Լիբանանի դէմ բռնարարքներ գործել:
Լիբանանեան բանակը հաստատեց, որ իսրայէլեան ուժերը պէտք է լիբանանեան բռնագրաւուած հողերէն` Մազարեհ Շեպաայէն, Քֆարշուպայի բարձունքներէն եւ հիւսիսային Ղաժարէն հեռանան, ինչպէս նաեւ վերջ տան լիբանանեան հեռաձայնային ցանցի գաղտնալսումներուն եւ լիբանանցի քաղաքացիներու հեռաձայններուն սպառնալիքներ առաքելու քայլերուն:
Լիբանանեան բանակը անդրադարձաւ նաեւ Մասքաֆաամի բնակեցման վայրին մէջ կառոյց մը շինելու արարքի վտանգին` նկատի ունենալով, որ իսրայէլեան կողմը այդ կառոյցին մասին ՖԻՆԻՒԼ-ի հրամանատարութիւնը տեղեակ չէ պահած:
Բանակի հրամանատարութիւնը հաստատեց, որ այդ վայրին պատկանելիութեան շուրջ տարակարծութիւններու գոյութեան պատճառով լիբանանեան կողմը ճշգրիտ եւ մանրամասն տեղեկութիւններ կը պահանջէ Իսրայէլէն, ինչպէս նաեւ կարեւոր կը նկատէ այդ աշխատանքներուն անմիջական կասեցումը` յարգելու համար լիբանանեան գերիշխանութիւնը:
Հանդիպում` Հիւպատոսական Անձնակազմին Հետ
Նախագահ Աուն ընդունեց Լիբանանի մէջ օտար երկիրներու հիւպատոսական անձնակազմը` նախագահութեամբ պատուոյ հիւպատոս Ժոզեֆ Հապիսի:
Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն մաղթեց, որ կարելի ըլլայ երկրին դիմագրաւած հսկայական խոչընդոտները շրջանցել եւ լիբանանեան պետութիւնը դարձեալ վերականգնել:
Ան ցաւ յայտնեց, որ տակաւին Լիբանան չէ կրցած թօթափել շրջանային իրադարձութիւններուն ունեցած հետեւանքները` լիբանանեան ներքին քաղաքական կեանքին վրայ:
Նախագահ Աուն ընդգծեց. «Այնքան ատեն որ արտաքին աշխարհին մէջ քաղաքական հարցերն ու լուծումները կը բարդանան, ուրեմն անոնք իրենց ազդեցութիւնը կ՛ունենան լիբանանեան քաղաքական կեանքին վրայ եւ կը բարդացնեն իրավիճակը»:
Իր կարգին, Հապիս մաղթեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները կատարելու թափը շարունակուի, յատկապէս նկատի ունենալով, որ այդ ընտրութիւններուն շնորհիւ կարելի եղաւ օրէնսդրական մարմինին նոր արիւն ներարկել:
Ան հաստատեց, որ իրենց մաղթանքն էր նաեւ ձեռնարկել ազգային այնպիսի աշխատանքի, որուն ընդմէջէն կարելի ըլլայ դիմագրաւել բոլոր մարտահրաւէրները:
Հապիս իր խօսքը ուղղելով նախագահ Աունին ընդգծեց, որ անոր ներկայութիւնը յոյս, կամք ու կորով կը ներշնչէ իրենց, եւ ինչպէս բոլոր լիբանանցիները, իրենք եւս կը մաղթեն, որ Լիբանան ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին շրջանցէ քաղաքական աշխատանքին մէջ արձանագրուած վերիվայրումները` իրականացնելով լիբանանցիներուն ձգտումները, ինչպէս նաեւ կազմելով կառավարութիւն մը, որ լիբանանցիներուն ակնկալութիւնները իրականացնելու կարողութիւնը կ՛ունենայ: