Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ նախագահեց ձիւնամրրիկին պատճառած վնասներուն քննարկման նախարարական նիստին, որուն ներկայ գտնուեցան ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք, երկրագործութեան նախարար Ղազի Զաայթեր, ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ, հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Եուսեֆ Ֆընիանոս, Բարգաւաճումի եւ վերաշինութեան խորհուրդի նախագահ Նեպիլ Ժսըր, Պէյրութի նահանգապետ Զիատ Շպիպ, Աքքարի նահանգապետ Իմատ Լապաքի, Լեռնալիբանանի նահանգապետ Մոհամետ Մաքքաուի, Պաալպեքի նահանգապետ Պաշիր Խտըր, Պեքաայի նահանգապետ Քամալ Ապու Ժաուտէ, Նապաթիէի նահանգապետ Մոհամետ Մաուլա, հիւսիսային Լիբանանի նահանգապետ Ռամզի Նոհրա, հարաւային Լիբանանի նահանգապետ Մանսուր Տաու, Հատուցումի գերագոյն խորհուրդի նախագահ հազարապետ-զօրավար Մոհամետ Խէյր, Հարիրիի խորհրդական Ֆատի Ֆաուազ եւ նախարարաց խորհուրդին մէջ աղէտներու յատուկ վարչութեան պետ Զահի Շահին:
Նիստէն ետք Մաշնուք յայտնեց, որ քննարկուած են ձիւնամրրիկին դիմագրաւման դիմաց Լիբանանի խախուտ կէտերը, որոնց լոյսին տակ շեշտուած է, թէ կան որոշ քայլեր, որոնք պէտք է առնուին` իբրեւ նախապատրաստութիւն յառաջիկայ կիրակի օր Լիբանանը հարուածելիք յաջորդ ձիւնամրրիկին:
Մաշնուք շնորհաւորեց ապահովութեան ուժերն ու լիբանանեան բանակը, ինչպէս նաեւ քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերն ու հանրօգուտ շինութեանց նախարարութեան անձնակազմը, որոնք հսկայական ճիգեր գործ դրին` կարելի եղածին չափ դիւրացնելու համար լիբանանցիներուն երթեւեկը` տուն հասնելու իմաստով:
Մաշնուք յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ կան հիմնական երեք շրջաններու փողոցներ, որոնք հարցեր ունին, եւ պէտք է այդ հարցերուն անմիջական լուծում գտնել: «Անոնք են` Տըպպայէի, Ժեզզինի եւ Շեքքայի փողոցները», ըսաւ Մաշնուք` աւելցնելով, որ հանրօգուտ շինութեանց նախարարութիւնը Հատուցումի գերագոյն խորհուրդին հետ գործակցաբար պիտի աշխատի լուծել այդ հարցերը` կանխարգիլելու համար նոյն սխալներուն կրկնութիւնը:
Մաշնուք հաստատեց, որ Ֆարայայի եւ Տահր Պայտարի ճամբաներուն վրայ անցեալ շաբաթավերջին կատարուածը դարձեալ պիտի չկրկնուի, որովհետեւ ներքին ապահովութեան ուժերը պիտի չարտօնեն, որ ինքնաշարժ մը իր ուղին շարունակէ, եթէ ան ձիւնի մէջ վարելու յարմարութիւններով չէ օժտուած:
Մաշնուք ընդգծեց, որ նիստին ընթացքին հատուցումներու գումարը չէ ճշդուած, որպէսզի այդ մասին պաշտօնական յայտարարութիւն կատարէ: Ան նշեց, որ առաջնահերթութիւնը կ՛երթայ բացթողումները լուծելու կարելիութիւններուն: