ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները յունուարին Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումի առաջարկ ներկայացուցած են: «Արմէնփրես»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին այս մասին յայտնած է Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ բանբեր Աննա Նաղդալեան:
«ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն կողմէ եղած է յունուարին արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպում կազմակերպելու առաջարկ: Հանդիպումի մասին յայտարարութիւնը պիտի կատարուի համաձայնեցուած կարգով», ըսած է Նաղդալեան:



