Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտը հաստատած է Լին Թրէյսին` Հայաստանի մէջ եւ Ըրլ Լիցընպըրկըրը Ազրպէյճանի մէջ դեսպաններ նշանակելու` նախագահ Տանըլտ Թրամփի առաջարկը: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը:
Թրէյսի Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան Ռուսիոյ հարցերով աւագ խորհրդականն էր, նախապէս դիւանագիտական բարձր պաշտօններ վարած է Ռուսիոյ, Թուրքմենիստանի եւ Ղազախստանի մէջ:
Նախապէս Ծերակոյտին մէջ տեղի ունեցած լսումներուն ընթացքին Լին Թրէյսին գովեստով խօսած է Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած խաղաղ իշխանափոխութեան մասին` ընդգծելով, որ Հայաստան տակաւին պէտք է շարունակէ աշխատիլ անցեալ վեց ամիսներու նուաճումները ամրագրելու համար: Ան յայտարարած էր, թէ պաշտօնը ստանձնելու պարագային պիտի շարունակէ իր նախորդին` դեսպան Ռիչըրտ Միլզի առաքելութիւնը` սատարելու հայ ժողովուրդին, որ կը պահանջէ պատասխանատու կառավարում, անարդար մենաշնորհներէն ազատ տնտեսութիւն, մարդու իրաւունքներու եւ հիմնարար ազատութիւններու ապահովում, անկախ դատական համակարգով երաշխաւորուած օրէնքի գերակայութիւն եւ հաւասարակշռութեան ու զսպումներու վրայ խարսխուած կառավարման համակարգ:
Ազրպէյճանի մէջ Միացեալ Նահանգներու նոր նշանակուած դեսպանը նոյնպէս բարձր դիւանագիտական պաշտօններ վարած է Սերպիոյ եւ Խըրխըզիստանի ամերիկեան դեսպանատուներուն մէջ, եղած է գերմանական «Մարշըլ» հիմնադրամին մէջ աւագ գիտաշխատող, Աֆղանիստանի մէջ ՕԹԱՆ-ի ներկայացուցիչի տեղակալ:



