Յիշատակելի անցեալ:
Կատարեալ ու կատարուող անցեալ մը, որ կը շարունակուի 1899-էն ի վեր:
Ժամանակին տարբեր էր թերթերու ցրւումը:
Անշուշտ, նախքան ցրւումը, ընդհանրապէս թերթի պատրաստութիւնը կար` սկսելով լուրի կամ յօդուածի մը գրութենէն, մինչեւ` տպագրութեան համար պատրաստուիլը, սրբագրուիլը, էջադրուիլն ու վերստին սրբագրուիլը… Եւ յաւարտ հետեւողական աշխատանքի` տպագրուիլն ու ի վերջոյ առաքուիլը: Այդ օրերուն յատուկ ցրուիչներ կը կատարէին առաքման այս տաժանակիր գործը:
Այլոց նման` այսպէս կը թխուէր այս իւրայատուկ խմորը` «Հայրենիք»-ը, որ երբ տուն հասնէր, առաջին ժամերուն այնքան հաճելի կը բուրէր, նոյնքան, որքան փուռէն նոր դուրս եկած հացը:
Քարոզչական բնագաւառին մէջ, այսօր, երբ բազմաթիւ «փուռեր»` տպարաններ եւ անոնց հետ գործող «փռապաններ» եւ այդ գործին կապակցութեամբ խմոր շաղողներ, հաց թխողներ եւ զանազան պաշտօնեաներ գործէ արձակուած են, «Հայրենիք»-ը մերթ տուայտանքով, մերթ երկմտանքով, սակայն միշտ ալ աննկուն կամքով կը շարունակէ շաղախել, հայ տան երդիքէն ներս մուտք գործել եւ մեսրոպաշունչ այբուբենի ներկայութիւնը յաւերժացնել:
Վիթխարի ալիքներով հարուածող համաշխարհայնացում կոչեցեալ ցունամիին դէմ կրցած է եւ դեռ ալ պիտի կարենայ պայքարիլ «Հայրենիք»-ը, որ կը շարունակէ տպուիլ` քայլ պահելով արշաւող արդիականացման հետ եւ, անշուշտ, օգտագործելով այս ընթացքին ընծայած դիւրութիւնները:
Իւրայատուկ է թուղթին հոտը, յատկապէս երբ ան մրոտուած է հայերէն այբուբենով եւ հայորդին մտահոգող հարցերով:
Անշուշտ, ցրւումի գործելաձեւն ալ արդիականացած է, եւ արդէն իսկ տարիներէ ի վեր նամակատան հետ գործակցելով` նամակաբաշխն է, որ կը կատարէ ցրուիչի պաշտօնը:
Քայլ մըն ալ անդին երթալով, ելեկտրոնային ցրւումն ալ, կամ կարճ ու կտրուկ` ե-ցրւումն ալ կը կատարէ «Հայրենիք»-ը, թաքուն, անտեսանելի եւ աննկատելի ե-ցրուիչի միջոցով, շարունակ վերանորոգուող իր կայքէջին հետ գործակցելով:
Եթէ այսքանը հեզասահ կերպով կարելի է կատարել, սակայն կայ մետալին միւս կողմը, արդիականացած քարոզչական բնագաւառին քանդիչ մասը, առցանց ազատ ու անծայրածիր կարծուած, սակայն միեւնոյն ժամանակ անվարան խոտոր դաշտերը` Ֆէյսպուք, Թուիթըր, Ինսթակրամ եւ այլ… Դաշտեր, որոնք դժբախտաբար կ՛ողողուին մարախներով ու ցեցերով` շարունակ խառնելով մակարդակն ու կարկանդակը, ոսպն ու քարը:
Սակայն ամէնէն աւելի վտանգաւորն ու նեղացուցիչը այն է, թէ արդի քարոզչական առցանցային ոճն է, որ կը տիրապետէ թերթերու ելեկտրոնային էջերուն: Էջեր, որոնք աւելի կը դիտուին, քան թէ կը կարդացուին: Մէկ խօսքով,` անհատի մը վերապահուած ֆէյսպուքեան ոճ մը, որ կը քանդէ հաւաքական մտածողութիւնն ու կառոյցը:
Այսպիսի գաղափարական անելներու դէմ պայքարիլը շատ աւելի դժուար է, քան` թեքնիք արդիականացման ու համաշխարհայնացման դէմ: Շարունակ մատը ճիշդ վէրքին վրայ դնելով է, որ պիտի գործէ «Հայրենիք»-ը` իր 120-րդ տարուան ազդանշանի սեմին: