
Ռուսիոյ վարչապետ Վլատիմիր Փութին Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընը ամբաստանեց Ռուսիոյ մէջ խորհրդարանական ընտրութիւններուն արդիւնքին դէմ բողոքի ցոյցերուն կանաչ լոյսը տալու համար` վստահեցնելով, որ ընդդիմադիրները Ուաշինկթընի զօրակցութեամբ կը գործեն:
Փութին նշեց, որ Քլինթըն Ռուսիոյ մէջ ընդդիմադիր գործիչներուն կանաչ լոյս տուաւ` աւելցնելով, որ անոնք «կանաչ լոյսը ստացան եւ (Միացեալ Նահանգներու) արտաքին գործոց նախարարութեան զօրակցութեամբ սկսան աշխուժ կերպով գործել»:
Ան ըսաւ, որ ցոյցերու կազմակերպիչներուն մեծ մասը կը հետապնդեն նեղ անձնական շահեր: «Եթէ մարդիկ օրէնքի ծիրին մէջ կը գործեն, ապա անոնց պէտք է կարելիութիւն տրուի իրենց անձնական կարծիքը արտայայտելու, եւ մենք երբեք պէտք չէ սահմանափակենք անոնց քաղաքացիական իրաւունքները: Եթէ ոեւէ մէկը խախտէ օրէնքը, ապա իշխանութիւններն ու իրաւապահները բոլոր կարելի միջոցներով պէտք է պահանջեն օրէնքի յարգումը», ըսաւ Փութին:
Քլինթըն Պրիւքսելի մէջ ՕԹԱՆ-ի կեդրոնատեղիին մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին հակադարձելով Փութինի յայտարարութեան յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներ զօրավիգ կը կանգնին «ռուս ժողովուրդի իրաւունքներուն եւ աւելի լաւ ապագայի մը առնչութեամբ անոր յոյսերուն»:
Նշենք, որ չորեքշաբթի երեկոյեան Մոսկուայի եւ Սան Փեթերսպուրկի մէջ Ռուսիոյ խորհրդարանական ընտրութիւններուն արդիւնքին դէմ բողոքի ցոյց կատարողներէն 170 անձ ձերբակալուած է:


