
Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի մամլոյ բանբեր Տմիթրի Փեսքով յայտնած է, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը եւ Հայաստանի վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանը պայմանաւորուած են աշխուժացնել Հայաստանին վաճառուող կազի գինի շուրջ բանակցութիւնները, կը տեղեկացէ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը:
Փեսքով յայտնած է, որ երկու երկիրներու ղեկավարները նախանցեալ օրուան հանդիպումին ընթացքին քննարկած են այդ նիւթը:
«Մինչեւ երէկ (նախանցեալ օր, «Ա.»), ցաւօք, մենք չէինք կրնար մեր «Կազփրոմ»-ի ու հայ գործընկերներուն միջեւ աշխուժ բանակցութիւններ արձանագրել: Ժամկէտները կան, մենք արտակարգ աճապարանքի մէջ ենք», ըսած է Փեսքով:


