Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութիւն. Պուրճհամուտաբնակ Տարեցներուն Յատուկ Ամանորեան Տօնակատարութիւն

Դեկտեմբեր 28, 2018
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան, ներկայութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոսի, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանի, Պուրճ Համուտի փոխքաղաքապետ Մարտիկ Արսլանեանի եւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետական խորհուրդին, երէկ` հինգշաբթի, 27 դեկտեմբերին, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան տօնին առիթով տեղի ունեցաւ աւանդութիւն դարձած տարեկան դրութեամբ կազմակերպուող տարեց բնակիչներու յատուկ Կաղանդի տօնակատարութիւն` մասնակցութեամբ հայ թէ օտար, լիբանանցի թէ այլ հպատակութիւն ունեցող պուրճհամուտաբնակ 500 տարեցներու:

Օրուան հանդիսավար Սեւան Կարապետեան-Ադամեան, բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն, յայտնեց, թէ սոյն նախաձեռնութիւնը կը միտի խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ ուրախութիւն պատճառել տարեցներուն: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան, որ միշտ աշխատանք կը տանի ուրախացնելու տարեցները եւ ամէն տարի կը կազմակերպէ նման ձեռնարկներ:

Պուրճ Համուտի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Էլի Նսէյր ողջունելէ ետք ներկաները բարի գալուստ մաղթեց սրբազան հօր, որ անպայման ուզած է ներկայ գտնուիլ սոյն հաւաքին: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Աստուծոյ, որ ուժ եւ կորով կու տայ իրենց, որպէսզի տարեկան դրութեամբ կազմակերպեն այս ձեռնարկը` աւելցնելով, որ երբ ժպիտ կը տեսնեն տարեցներու դէմքերուն վրայ, հոգեկան ուրախութիւն կ՛ունենան: Նսէյր շեշտեց, որ քաղաքապետին համար ամէնէն կարեւոր ձեռնարկն է ասիկա տօնական օրերուն եւ յորդորեց ներկաները օգտագործելու իւրաքանչիւր վայրկեան` կեանքին մէջ ուրախ ըլլալու:

Իր կարգին, Պուրճ Համուտի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Նելլի Վէքիլեան յայտնեց, որ քաղաքապետական խորհուրդը մեծ ուրախութեամբ կը կազմակերպէ այս ձեռնարկը եւ մաղթեց, որ յառաջիկայ տարի դարձեալ միասին տօնեն Կաղանդը:

Սրբազան հայրը իր սրտի խօսքին մէջ ըսաւ, որ երբ մեր ժողովուրդի զաւակները կը տեսնէ «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ, աւելի ուրախ եւ զօրացած կը զգայ, որովհետեւ Ազգային առաջնորդարանը բոլորին տունն է, ազգին տունն է: Սրբազանը շնորհակալական խօսք ուղղեց Պուրճ Համուտի քաղաքապետին եւ քաղաքապետական խորհուրդին, որոնք ազնիւ մտածումը ունեցած են զիրենք համախմբելու Ազգային առաջնորդարանին մէջ: «Երբ մեր ժողովուրդի զաւակները քով-քովի կու գան, մենք կ՛անդրադառնանք, թէ ո՛չ տարիքը եւ ո՛չ ալ այլ դժուարութիւններ կրնան մեզ տապալել: Ինչ պայմաններու մէջ ալ որ գտնուինք, երբ իրարու հետ ենք, Աստուած կ՛օրհնէ մեզ, եւ մենք իրարու հետ մեր ուրախութիւնը բաժնելով կ՛անդրադառնանք, որ բոլոր դժուարութիւնները մենք կրնանք յաղթահարել եւ մեր կեանքը շարունակել», եզրափակեց սրբազան հայրը եւ մաղթեց, որ 2019 տարին բոլորին համար առողջութեան եւ ուրախութեան տարի ըլլայ:

Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան խօսք առնելով նկատել տուաւ, որ շատ ազդուած է ներկաներուն նայելով, մանաւանդ որ ինք կորսնցուցած է իր ծնողքը: Քաղաքապետը շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին, որ ամէն տարի ներկայ կը գտնուին այս նախաձեռնութեան: «Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանը եւ քաղաքապետական խորհուրդի կազմը ձեր տրամադրութեան տակ են: Դիմեցէ՛ք մեզի: Քաղաքապետարանը ձեր կողքին է: Դուք Պուրճ Համուտի բնակիչներ էք, եւ ձեր իրաւունքն է ձեր ունեցած դժուարութիւններուն համար դիմել մեզի: Մենք պատրաստ ենք մեր կարելիութեան սահմաններուն մէջ օգտակար դառնալու ձեզի», եզրափակեց քաղաքապետը` բոլորին մաղթելով առողջութիւն եւ երկար կեանք:

Ձեռնարկի ընթացքին ելոյթ ունեցաւ հանրածանօթ երգիչ Արարատ Ահարոնեան, որ առաւել եւս խանդավառեց մթնոլորտը` ուրախութիւն եւ հրճուանք պատճառելով ներկաներուն: Անշուշտ Կաղանդ պապային սրահ ժամանումը յաւելեալ փայլք մը տուաւ հաւաքին եւ գոհունակութիւն պատճառեց ներկաներուն, որոնք շրջապատելով զինք սկսան պարել իրեն հետ:

Յայտնենք, որ բոլորը ստացան նուէրներ` անկողինի ձմեռնային ծածկոց, գորգ, նաեւ տուփով ճաշ, տրամադրուած` Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան կողմէ:

Նշենք, որ անցեալ շաբաթ, 26 դեկտեմբերին, Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը տօնական մթնոլորտ մը ստեղծեց Պուրճ Համուտի մէջ, երբ խումբ մը կաղանդ պապաներ շրջեցան զանազան թաղերու մէջ` նուէրներ բաժնելով մանուկներուն, իսկ հրապարակին վրայ անցորդներուն հրամցուեցաւ «քաղցրաւենիք»:

Յայտնենք, որ նոյն տօնական մթնոլորտը պիտի կրկնուի նաեւ շաբաթ, 29 դեկտեմբերին, ինչպէս նաեւ յառաջիկայ շաբաթ, 5 յունուար 2019-ին:

 

 

Նախորդը

Ամանորեան Տօնակատարութիւններ` «Հաուըրտ Գարակէօզեան» Հաստատութեան Մէջ

Յաջորդը

Ազգային Ինքնութեան Պահպանման Ֆոնտ

RelatedPosts

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Յունաստանի Արտաքին Գործոց Փոխ Նախարարը
Գաղութային

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Յունաստանի Արտաքին Գործոց Փոխ Նախարարը

Յուլիս 12, 2025
Արամ Ա. Կաթողիկոս Մօտէն Կը Հետեւի  Քեսապի Շուրջ Բռնկած Վտանգալից Հրդեհին
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Մօտէն Կը Հետեւի Քեսապի Շուրջ Բռնկած Վտանգալից Հրդեհին

Յուլիս 12, 2025
Ազունիէի Հայ Ազգային Բուժարան.  Հաղորդագրութիւն
Գաղութային

Ազունիէի Հայ Ազգային Բուժարան. Հաղորդագրութիւն

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?